Լիբանանահայ Դպրոց

Մեսրոպեան վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները Մայիս 13-ին օգտաշատ, հաճելի եւ շատ հետաքրքրական պահ մը անցուցին ֆրանսացի պատմասաց եւ գիրքերու հեղինակ Frédéric Duvaud-ի հետ:
Frédéric Duvaud իւրայատուկ ոճով մեր աշակերտներուն ներկայացուց իր հեղինակած պատմութիւններէն մէկը, եւ այդպիսով անոնց ծանօթացուց պատմութիւն պատմելու արուեստը:
Մեր աշակերտները մեծ խանդավառութիւն ցոյց տուին հանդիպումին առիթով, արժանանալով հեղինակի բարձր գնահատանքին:

