Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբը կը վերադառնայ բեմ` 4 Յունիս 2022-ին նախատեսուած ելոյթով:
Համավարակի պայմաններուն պարտադրած սահմանափակումներուն մեղմացումին զուգահեռ, պարուսոյց պարոն Աւօ Գարաքէշիշեան շաբաթ առ շաբաթ վերականգնեց պարախումբին կազմը եւ ձեռնարկեց կանոնաւոր փորձերու…
Պարախումբին անդամ մեր աշակերտ-աշակերտուհիները ցուցաբերեցին լրջութիւն եւ հետեւողականութիւն. խանդավառութիւնը կրկին տեղ գրաւեց անոնց շարքերուն մէջ…
Ստացանք մեր ծնողներուն աջակցութիւնն ու քաջալերանքը…շնորհակալ ենք իրենց:
…եւ ի հեճուկս Լիբանանի մէջ տիրող ծանօթ պայմաններուն, ահաւասիկ «Շուշի»ն կը վերադառնայ բեմ…
Կը վերադառնայ յոյսի թեւերուն վրայ՝ առաւել պատրաստուած քան երբեք…