Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու ՀԲԸՄ Նախագահը Քննարկած են Արցախի Շուրջ Մտահոգիչ Զարգացումները

Ապրիլ 18-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հիւրընկալեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ տիար Պերճ Սեդրակեանը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ՀԲԸՄ նախագահը անդրադարձան հայրենական եւ ազգային կեանքի մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց  յաղթահարման ուղղուած Հայոց Եկեղեցւոյ եւ տարբեր ազգային հաստատութիւններու կողմէ ձեռնարկուող կրթական, ընկերային եւ զարգացման ծրագրերուն:

Զրոյցին ընթացքին խօսուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ երկարամեայ համագործակցութեան մասին, որ արդիւնաւորուած է բազում ազգօգուտ եւ եկեղեցաշէն ծրագրերով։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները բերաւ ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանին՝ բարձրօրէն գնահատելով Միութեան կողմէ դրսեւորուող ոգին ու գիտակցութիւնը եւ Մայր Աթոռին ու Հայոց Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն ցուցաբերուող շարունակական զօրակցութիւնը։

Ազգի առջեւ ծառացած արդի խնդիրներուն յանդիման՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ՀԲԸՄ նախագահը յատկապէս կարեւոր համարեցին երիտասարդ սերունդի կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ինքութեան պահպանութեան ու ազգային ոգիի զօրացման ուղղուած ծրագրերու խթանումը։

Մասնաւոր անդրադարձ եղաւ Արցախի շուրջ մտահոգիչ զարգացումներուն, Արցախի ազատ ու անկախ կեանքի դէմ ոտնձգութիւններուն եւ արցախցիներու կեանքին մէջ առկայ դժուարութիւններուն։ Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը համազգային հետեւողական ջանքերու գործադրման ի նպաստ Արցախի մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խնդիրներու յաղթահարման։

Հանդիպման ընթացքին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու ՀԲԸՄ նախագահը արծարծեցին շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերէին սփիւռքի համայնքային կեանքին, ձեւաւորուող նոր համայնքներուն, հայապահպանութեան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան ազգային եւ հոգեւոր պատշաճ խնամատարութեան եւ սփիւռքի ազգային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու զօրացման կարեւորութեան։ Կարեւոր նկատուեցաւ սփիւռքի ներուժի գնահատումը եւ համակարգուած ծառայեցումը աշխարհասփիւռ համայնքներու ազգային կեանքի աշխուժացման եւ հայրենական կեանքի յառաջընթացին ու բարօրութեան։ Քննարկուեցան հնարաւոր ուղիները, որոնցմով Եկեղեցին եւ ՀԲԸՄ կրնան սփիւռքն ու յատկապէս երիտասարդութիւնը ներգրաւել հայրենիքի հզօրացման ուղղուած ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին