Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Կամենալը՝ Կարենալ է . . .

Կրնա՞ք երեւակայել որ կոյր պարմանուհի մը՝ պասքէթպոլի գնդակը նետէ եւ ճշգրտօրէն զամբիւղին մէջ զետեղէ։ Այս դէպքը պատահած է Միշիկըն նահանգի Զիլընտ քաղաքին մէջ։

Արդարեւ 17 ամեայ Հուկլէնտի առիթ տուած են` իրենց դպրոցի պասքէթպոլի խաղի աւարտին, որ գնդակը նետէ զամբիւղին մէջ։ Անոր առաջին փորձը ձախողած է, սակայն երբ երկրորդ փորձը յաջողած է` մարզասրահը թնդացած է 2,500 հանդիսատեսներու ծափերով եւ  ուրախութեան աղաղակներով։

Բայց ի՞նչ է ասոր գաղտնիքը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Հուկլընտ (տես նկարը) երեք տարեկանին կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը, սակայն իր կուրութիւնը երբեք պատճառ չէ հանդիսացած՝ որ ան զրկուի իր սիրած բաներէն։

Ուրեմն վերոյիշեալ խումբի մարզիչը՝ երկար ձողով մը կը զարնէ զամբիւղին, որպէսզի կոյր պարմանուհին անոր ձայնով առաջնորդուի եւ գիտնայ զամբիւղին վայրը։ Այսպէսով կ՛ապահովուի յաղթանակը։

Արեւմտեան քաղաքակիրթ երկիրները կը քաջալերեն անկարները որ մասնակցին իրենց սիրած մարզական խաղերուն։ Այսպէս՝ ամէն չորս տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենայ ողիմպիական խաղեր, անկարներու համար։

Երբ այս դէպքին մասին կը խորհրդածէի, միտքս ինկաւ բանաստեղծին հետեւեալ տողերը, որ առնչութիւն ունի մեր պատմութեան հետ։

          Աշխատանք, կամք ու կորով՝

          Երեք ձիրքեր են որով,

          Մարդ՝ երկնի վրայ թէ երկրի,

          Անպայման կը յաջողի։

Յաջողութիւնը՝ որեւէ գործի մէջ, կամքի եւ յարատեւ աշխատանքի արդիւնք է։ Հիմա խօսինք օրինակներով։

Իտալացի նշանաւոր երգիչ Անտրէա Պուչելլի 12 տարեկանին բոլորովին կուրացած է, սակայն անոր կուրութիւնը երբեք արգելք չէ հանդիսացած որ ան իր ձայնով գրաւէ աշխարհի ուշադրութիւնը եւ յաջողի իր ասպարէզին մէջ։

Ամերիկացի նշանաւոր հեղինակ Հէլէն Քէլլըր 19 ամսուան մանկիկ մը եղած ժամանակ՝ թէ կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը եւ թէ ալ իր լսողութիւնը։ Սակայն այս բոլորը պատճառ չեն հանդիսացած որ ան իր հրատարակած գիրքերով դառնայ նշանաւոր։

Ուրեմն եզրակացնելով՝ կրկնեմ թէ «Կամենալը, Կարենալ է։»

Հայ մը՝ Անջրպետի Մէ՞ջ . . .

Ինչո՞ւ չէ։ Եթէ հայ մը՝ յանձինս Լիբանանահայ Դոկտ. Արտէմ Փաթափութեանի (տես նկարը) անցեալ տարի Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ՝ բնախօսութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ, ուրիշ հայ մըն ալ կրնայ մօտիկ ապագային անջրպետ երթալ, բայց ոչ թէ որպէս աստղանաւորդ՝ այլ որպէս աստղանաւորդներու վիրաբոյժ բժիշկ։

Խօսքս Տոքթ. Հայկ Այնթապլեանի (տես նկարը) մասին է։ Ան որպէս բժիշկ վկայուած է Արիզոնայի նահանգային համալսարանէն, իսկ այժմ որպէս շտապ օգնութեան բժիշկ՝ իր մասնագիտութիւնը կ՛ստանայ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքին մէջ։

Տոքթ. Այնթապլեան առաջին բժիշկն է որ ընտրուած է մասնակցելու անջրպետային բժշկութեան ծրագրին, որ պիտի պատրաստէ վիրաբոյժներ՝ ճամբորդելու անջրպետ, աստղանաւորդներու հետ միատեղ։ 5-10 տարիներու ընթացքին, այս ծրագիրը պիտի իրականանայ եւ օգտագործուի դէպի Հրատ մոլորակը ճամբորդող՝ զբօսաշրջիկներու բժշկական խնամքին համար . . .

Վերոյիշեալ ծրագրի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ մասնակցիլ խիստ մասնագիտական  դասընթացքներու, հետեւեալ կազմակերպութեանց կողմէ՝ Space X օդատիեզերական ընկերութեան, Jet Propulsion Laboratory անջրպետային գիտութեանց եւ UCLA կենսաքիմիական ճարտարագիտութեան։

Յուսամ հայազգի վերոյիշեալ գիտնականներու ձեռք ձգած յաջողութիւնները խթան կը հանդիսանան այլ հայերու եւս՝ որպէսզի անոնք ալ ձգտին հասնիլ իրենց երազներու իրականացման։ Պատիւս՝ արժանաւորաց։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին