Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Ռաֆայէլ Էրիսթավի

Ռաֆայէլ Էրիսթավի (նաեւ՝ Արակվիս Էրիսթավի, Էրիսթով-Արակվսքի, 9 (21) Ապրիլ, 1824, Չալա գիւղ, Կախէթի մարզ, Վրաստան, Ռուսիոյ կայսրութիւն – 19 Փետրուար (4 Մարտ) 1901, Թելաւ), վրացի բանաստեղծ, թարգմանիչ, ազգագրագէտ ու բանահիւսագէտ։ Սերած է իշխանական տոհմէ։

Ռաֆայէլ Էրիսթավի, ծնած է 9 (21) ապրիլ 1824-ին Կախէթի Չալա գիւղին մէջ։ Սորված է Թիֆլիսի մէջ ՝ ազնուականներու երեխաներու համար նախատեսուած դպրոցի մը մէջ եւ զայն աւարտած է 1845 թուականին: 1846 թուականին սկսած է աշխատիլ որպէս քաղաքացիական ծառայող։ Ամուսնացած է Ֆեոդոսյա Էրիսթովա-Գուրիյսկի հետ (1845-1891):

Ռաֆայէլ Էրիսթավիի բանաստեղծութիւնները առաջին անգամ տպագրուած են 1854 թուականին: Գրած է բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, բիեսներ ու ազգագրագիտական թեմաներով յօդուածներ: «Տերգդալեուելբի» խմբակի գրողներիու ազդեցութեամբ 1860-ական թուականներուն սկսած է գրել քաղաքական թեմաներով բանաստեղծութիւններ։ Սակայն անոր ստեղծագործութիւններու հիմնական թեման եղած է գիւղացիութեան կեանքը։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին