Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ակամայ Զանց Կ՛առնենք Ամէն Նրբանկատութիւն Կամ Բծախնդիր Մօտեցում

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ոչ անպայման զարմանքով, սակայն մեծ ափսոսանքով կարդացինք ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ի 8 Ապրիլ 2022-ին թիւի 2րդ էջին վրայ լոյս տեսած՝ ՌԱԿ-ի անունով ինչ որ հաղորդագրութիւն մը, ստորագրուած՝ ՌԱԿ-ի վերաբերող կուսակցական հանգամանք կեղծող հերձուածի մը կողմէ, որ ատենէ մը ի վեր կը փորձէ պառակտել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակը:  Նոյն «հաղորդագրութիւնը» օրն ի բուն լսուեցաւ նաեւ դարձեալ ՀՅԴ-ի հովանիին տակ գործող «Վանա Ձայն» ռատիոկայանէն:

Այս առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնս կը յայտարարէ հետեւեալը.

Ա. Նշեալ «հաղորդագրութիւնը» չի պատկանիր ՌԱԿ-ի Լիբանանի բոլոր կառոյցներն ու մամուլը փաստացի կերպով հովանաւորող՝ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան:

Բ. Նշեալ «Հաղորդագրութեան» իբր թէ զգացական քօղարկումով՝ կրաւորական բովանդակութիւնը չարտայայտեր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հայեցակէտն ու կեցուածքը ինչ կը վերաբերի Լիբանանի յառաջիկայ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Գ. Նման հերձուածի մը այս կամ այն ձեւով նեցուկ կանգնող կողմ մը, ուղղակիօրէն նպաստած կ՛ըլլայ Հայ ազգային կուսակցութեան մը պառակտումի փորձին:

Դ. Նմանօրինակ կերպով վարուիլը («օրինականութեան» շղարշ տալը կողմի մը կամ քոյր կուսակցութեան մը պառակտումը քաջալերելը) մինչեւ օրս մեր բարոյականին ու գործելաձեւին խորթ ըլլալով հանդերձ, վերոյիշեալ՝ իր բացայայտութեամբ աննախընթաց երեւոյթը ցաւօք պիտի ստիպէ մեզի ամէն նրբանկատութիւն ու բծախնդիր մօտեցում ակամայ զանց առնել: Հետեւաբար, նոյնանման պահուածք մը ունենալ եւ այսուհետեւ նկատի ունենալ տուեալ կուսակցութեան տարբեր թեւերուն ու այլախոհ անհատ կուսակցականներուն գաղափարները, կեցուածքները, հաղորդագրութիւններն ու յայտարարութիւնները:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին