6 Ապրիլ 2022-ին սկիզբ առաւ Հայկազեան Համալսարանի նախաձեռնութեամբ Պէյրութ ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի երկու մասնագէտներու տասնօրեայ աշխատանոցը:
Ըստ ծրագրի՝ հայրենի մասնագէտները պիտի այցելեն լիբանահայ դպրոցները եւ շուրջ երկժամեայ աշխատանոցային ծրագրով լիբանահայ աշակերտներուն պիտի ծանօթացնեն հայկական գորգը, անոր իւրայատկութիւնները, յատկանիշերը եւ սորվեցնեն հայկական գորգի զարդանախշերը: Այնուհետեւ աշակերտները հայկական գորգի նախշերով գծուած եւ յատուկ պատրաստուած տախտակներու վրայ, իրենց տրամադրուած ներկերով պիտի ներկեն զարդանախշերը, ու իրենց հետ տանին իրենց տուները:
Ծրագիրը նպատակ կը հետապնդէ աշխատանոցային ծրագրաւորումով, հայ աշակերտը ծանօթացնել հայկական գորգին եւ անոր միջոցով զինք առաւել առնչել հայ մշակոյթին:
Ծրագրին նիւթապէս սատար կը կանգնին Պօղոսեան ու Թիւֆենքեան Հիմնարկները: