Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Համահայկական առումով ցաւալի իրավիճակ մը կ՛ապրինք Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռք: Անհանդուրժողականութիւնն ու պառակտումը ամենուրէք են եւ ամէն մակարդակի վրայ, մինչ մեր հիմնական օրակարգը պէտք է ըլլայ այսօր՝ Հայրենիքի փրկութիւնը:
Հայ ազգային կուսակցութիւններն ալ իրենց կարգին դժբախտաբար անմասն չեն սոյն իրավիճակէն եւ վիհը կը խորանայ կողմերուն միջեւ, անխնայ հարուածելով  ի վերջոյ ինքնին կուսակցութիւններն ու անոնց գոյութեան խորհուրդը: 
Այս ցաւալի իրականութեան ծիրէն ներս, եւ առանց միջամուխ ըլլալու մեր քոյր կուսակցութեան ներքին հարցերուն, տեղ կու տանք հետեւեալ յայտարարութեան, որ մէկ արտացոլացումն է նշեալ իրավիճակին, անկախ անոր բովանդակութեան արդարացի կամ ոչ ըլլալու հանգամանքէն, որուն մանրամասնութիւններուն իրազեկ չենք անշուշտ:
Յոյսով ենք, որ յայտարարութեան մէջ նշուած տագնապը շուտով կը յաղթահարուի եւ մեր քոյր կուսակցութիւնը կը վերադառնայ իր անցեալի միակամ եւ ամուր կարգավիճակին ու միասնաբար կը կերտենք Հայ ժողովուրդին վայել ապահով եւ կայուն ապագայ:
                                                                      Խմբ.

Արդէն մէկուկէս տարի է որ կազմակերպական տագնապի մէջ է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընտանիքը:

Տագնապը իր ներկայ փուլը մտաւ մեր կառոյցին դէմ տարիներու վրայ երկարող անհասկնալի եւ անարդար վերաբերմունքի նոր մագլցումով մը, երբ օրուան ՀՅԴ Բիւրոն խախտեց մեր կազմակերպութեան Կանոնագիրը, աւանդութիւնները, ու մեր ժողովրդավարական եւ ապակեդրոնացման սկզբունքները, փորձ կատարեց տապալել մեր շրջանի անդամներուն սեփական քուէի եւ իր ղեկավարութիւնը ընտրելու իրաւունքները՝ պարտադրելով նշանակեալ Կեդրոնական կոմիտէ մը: Պառակտիչ ճիգ մը՝ որովհետեւ անիկա գործի կը դրուէր մեր ազգին եւ հայրենիքին համար այնպիսի զգայուն ու օրհասական պահու մը, երբ բոլոր ժամանակներէ աւելի մեր թշնամիներուն թիրախ դարձած Հայրենիքը կարիքը ունէր մեր միասնութեան, եւ ուժերու բոլոր լարումով հայրենանուէր գործունէութեան:

Մեր դէմ կիրառուող քայլերուն հետ միասին, դժբախտաբար, մեր ներքին անհամաձայնութիւնները հրապարակ բերուեցան, եւ ընկերային ցանցերու թէ այլ հարթակներու վրայ տարիներու ծառայութիւն ունեցող մեր նուիրեալներու եւ ազգայիններու հասցէին լկտի ու ամօթալի ցեխարձակումներ հովանաւորուեցան, եւ աւելին, զուգորդուեցան մեր դէմ յարուցուած դատական գործերով: Սակայն Քալիֆորնիոյ Բարձրագոյն դատարանը Յունուար 2022ին իր արժանի պատասխանը տուաւ կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը զաւթելու փորձերուն՝ ամբողջականօրէն եւ կտրականապէս հաստատելով, թէ օրինաւոր կերպով ընտրուած Կեդրոնական կոմիտէ՛ս է վաւերական ղեկավարութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, եւ որ միայն անոր կը պատկանի այս ափերուն վրայ Դաշնակցութեան անունով գործելու իրաւունքը եւ անոր պատկանող կալուածները:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, մեր մտադրութիւնը եւ ամբողջական յանձնառութիւնն է՝ պաշտպանել մեր կուսակցութեան հեղինակութիւնը, օրինականութիւնը եւ անոր ունեցուածքները ըստ տեղական օրէնքներուն եւ այդ օրէնքներու համաձայն՝ մեր օրինական պարտաւորութիւնները, ամէն տեսակի ոտնձգութիւններու դէմ:

Տասնամեակներ շարունակ, մեր կազմակերպութիւնը, իրեն զօրակից ունենալով այս ափերու համայն հայութիւնը՝ անվերապահօրէն գործած է յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի, յանուն տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած հայկական համայնքներու բարօրութեան, եւ բնականաբար նաեւ յօգուտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի հայ համայնքի շահերուն եւ կարիքներուն: Նոյնիսկ եթէ տարիներու ընթացքին մենք ունեցած ենք մեր ներքին կազմակերպական տարակարծութիւնները՝ մենք միշտ ալ մեր ծառայութիւնը անշեղ կերպով շարունակած ենք՝ իբրեւ Դաշնակցական մեծ ընտանիքի հպարտ մէկ անդամը:

Վերջին շրջանին, մենք համբերութեամբ եւ զսպուածութեամբ յուսացինք, որ մեր կազմակերպական վերոյիշեալ տագնապին արդար լուծում կը գտնուի, սակայն մենք այլեւս շռայլք կը համարենք շարունակել ներգրաւուիլ կողմնակի վէճերու եւ անհեթեթութիւններու մէջ, ինչը վստահաբար կը դանդաղեցնէ մեր նպատակասլաց երթը: Արդարեւ, մանաւանդ երբ վտանգուած են Մայր Հայաստանը եւ հայկական Արցախը, երբ ամէն ժամանակներէ աւելի երկունքի մէջ են Հայ Դատին վերաբերող հարցեր ու մեր իսկ համայնքին առջեւ ծառացող մարտահրաւէրներ, մենք անիմաստ եւ նոյնիսկ վնասաբեր կը գտնենք մեզի պարտադրուող «ես»երու եւ աթոռակռիւներու դանդաղեցումները:

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ազգի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհացրիւ մեր ողջախոհ եւ նուիրեալ ընկերներուն՝ բոլորուելու մեր յաջորդ հանգրուաններու ընթացքին ծաւալելիք գործունէութեան շուրջ, որ միշտ ու անշեղ կերպով հաւատարիմ պիտի մնայ Դաշնակցութեան իսկական ազգային արժէքներուն եւ գաղափարական առաջադրանքներուն, ու զերծ՝ մեր տեսակին անյարիր պոռոտախօսական ու աժան ելոյթներէ:

Ահա այս ոգիով եւ վճռականութեամբ կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը, կը վերահաստատենք մեր նուիրումը Ազգին ու Հայրենիքին, եւ մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք մեր հետ ամբողջական եւ անկեղծ գործակցութեան՝ յանուն Անսակարկելիօրէն Անկախ, Գերազանցապէս Ազատ, եւ Ամբողջականօրէն Միացեալ Հայաստանի, ուր կու գայ միաւորելու համակ ՀԱՅ ԱԶԳԸ՝ հայրենի ժողովրդավար եւ արդար կարգերու ներքոյ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի
Կեդրոնական Կոմիտէ
7 Ապրիլ, 2022
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին