Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Բամ բաս բայ (04.04.2022)

Երէկ կէս գիշերին աւարտեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածութեանց ցանկերու գրանցումի վերջին պայմանաժամը, որ նաեւ ազդակ մըն է ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներու գոնէ երեւութապէս յառաջ մղումին: Եւ մինչ բոլոր կողմերը արդէն իսկ սկսած են ընտրապայքարի ծանր գործընթացին, կ՛ըսուի թէ յառաջիկայ 15 Մայիսին  Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններ կրնայ տեղի չունենալ: Պատճառը՝ արեւմտեան պատկանելիութեամբ կեդրոնի մը ուսումնասիրութեան արդիւնքներն են, ըստ որուն ընտրութիւնները պիտի արտադրեն խորհրդարան մը, որ այնքան ալ ի նպաստ չէ արեւմտեան երկիրներու շահերուն: Յետաձգումի վարկածը կը համընկնի նաեւ  տեղական կողմի մը շահերուն հետ, որ պատրաստ չէ առանց նախապայմաններու ճամբան հարթել դէպի աւելի ուշ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններ:

Ամէն պարագայի շատ ժամանակ չմնաց այս վարկածը հաստատելու կամ անճիշդ դուրս գալուն: Կը մնայ կարեւոր մտահոգութիւն մը. քաղաքական կամ ապահովական ի՞նչ զարգացում պէտք է տեղի ունենայ, որ յետաձգէ ընտրութիւններուն իրենց թուականին կայացումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին