Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Կարօտ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Կարօտը անցեալ է ներկայի մէջ. Ի՞նչ հանգամանքով, իբրեւ ի՞նչ. Բայց բնական անհրաժեշտութիւն մը որ բաց մը կը լեցնէ կամ կը յուշէ նայած օրուան պահին, պէտքին: Անհրաժեշտութիւն մը ի  հարկին մտերմութեան շղարշով ներկայացած սփոփելու, մխիթարելու , յուշելու աննկատ մնացած պատահար մը, խօսք մը յայտնաբերելու: Պատանութեան սիրած երգերէս մին եւ ամէնէն խօսուն՝ Գ. Սարեանի «Արդեօք գիտես դու որ չեմ մոռացել, մոռացել» երգն է որ խորքային սիրոյ երգ մը ըլլալով անմոռանալի հետք մը դրոշմած է մէջս, որ կը մորմոքի ապերախտութենէ հեռու՝  թռչունի թեւերով տիեզերքի  մէջ գտնելու յոյսով անմոռանալին:

Անցեալը ներկայի մէջ:

Անմոռանալի ակումբային երեկոներու, թատրոններու եւ այլ առիթներով հաւաքները ուր հայրենասիրական եւ ի հարկէ յաղթանակի երգերը կը թնդացնէին սրահը որ իր կարգին «գինովցած» ըլլալով կը բազմապատկէր խանդավառութիւնը, ու կը խորհէինք թէ  հաստատուած է ամէն երազանք իրականութեան ճանապարհին ու կ՛ընթանանք ա՛լ աւելիին՝ հին լոզունգին՝ հաւատալով  «Ազատ անկախ եւ…Միացեալ Հայաստան»ի երազանքին իրականացման, որուն խմբավարը կ՛ըլլար գինին ու տաք մթնոլորտը օրօրուող ծխախոտի մշուշով… Երէկ էր ան. Երէկ  իրական էր. Հին դասընկերներն ալ վկայ…

Անցեալը ներկայի մէջ. Այս օրերուս այնքան խոցոտ է երբ թագաժահրը սարսափն է եղած երկրագունդի մարդկութեան: Խստացուած են հաւաքները, սահմանափակուած հանդիպումները ինքնաբերաբար կը թեւածես երէկի մէջ: Կարօտը կու գայ իբրեւ մխիթարանք դիմագրաւելու  իրողութիւնը անզսպելի, աւելի քան երկու տարի է եւ վերջը աւետող փող մը չկայ այլ՝ ընդհակառակը, կը սպասենք աւելի վատին իր հետ բերելով  նաեւ հակասական լուրերու  փունջ մը ե՛ւ սկզբնապատճառին եւ դարմանումին առնչութեամբ:

44 օրուան Արցախեան պատերազմին ելքը գետնաքարշ ըրաւ մեզ ազգովին ե՛ւ պատերազմի  ընթացքին պատահարները որոնք յուսախաբութեան եւ տարակուսանքի մատնեցին մեզ մեր հայրենասիրութեան եւ նուիրուածութեան հաւատքը որոնք վարկածի վերածեցին անցեալի հաւատքը:Մի՞թէ սա պիտի ըլլար  անկախութեան եւ մեր հպարտութեան շարունակութիւնը թէ՝ թշնամիին պիտի առիթ տրուէր սոնքալու եւ ոչ միայն այլ՝ սանձարձակ ասպատակելու, սպաննելու, գերեվարելու Հայաստանի սահմաններէն ներս: Վա՜յ պարտուողին…Սակայն երբ նոյնիսկ անբան անասունը ունի վրիժառութիւն, Մե՞նք պիտի չունենանք այդ առաքինութիւնը, որուն կը սպասենք ու շատեր կը պայքարին բայց ամէն խմբակցութիւն իր հասկցած ձեւով ինչ որ օգուտ մը կրնա՞յ տալ. Կը տարակուսիմ բայց կարելի է յուսալ որ Սարտարապատեան Ոգիով «ԻՆՔԶԻՆՔԻՆ ԳԱԼ» ու յաղթանակը կը մօտենայ:

Սենեակիս բանտարկեալը եղայ երկու  շաբաթ հիւանդանոցային պայմաններէն ետք  ու հիմա նստեր եմ հիւրասենեակին մէջ մեր տան, հիւրասիրելու , քաջ գիտնալով որ եկող-գացող պիտի չըլլայ բայց պիտի ապրիմ խաբկանքը երազներու օրօրով  ու կարօտով: Կեանք է. Ելեւէջներով լի.մերն են ե՛ւ արցունք եւ  աղի արցունք, եւ սէր եւ ատելութիւն.պէտք է դիմանալ: Վերջին հաշուով բնութիւնը ինքնաբուժումի յատկութիւնն ունի ի Վերուստ տրուած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին