Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Դրուագներ Նշանաւոր Մարդոց Կեանքէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ուիլեամ Սարոյեան

1972 թուականը յաւիտեան դրոշմուած պիտի մնայ իմ յիշողութեանս մէջ որպէս կեանքիս լաւագոյն վայելքներէն մին ապրուած տարի։ 1971-72 տարեշրջանին հրաւիրուած էի անգլերէն լեզու դասաւանդել Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ։

Հազիւ աւարտած Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, Այնճարը այնքան ալ հրապուրիչ չէր երիտասարդի մը համար որ տարուած էր ապագայի փայլուն երազներով։ Սակայն հայկական կրթական հաստատութեան մը մէջ ծառայելը կարծես մասամբ մը Կիւլպէնկեան հիմնարկէն ստացած կրթաթոշակի պարտաւորութիւնս կը գոհացնէր։

Այդ տարեշրջանը ինծի համար հաճելի եւ բախտորոշ տարի մը դարձաւ հետեւեալ երկու պատճառներով։ Նախ ես կրցայ աշակերտական թատրոն մը հիմնել եւ բեմադրել Ալեքսանդր Սարուխանի «Մենք Հայերէն Չենք Գիտէր» կատակերգութիւնը, որ մեծ յաջողութիւն գտաւ թէ աշակերտներու եւ թէ գիւղի բնակիչներուն մօտ։

Երկրորդ եւ աւելի կարեւոր, այդ տարուան գարնան Այնճար այցելեց ամերիկահայ նշանաւոր գրող Ուիլեամ Սարոյեանը։ Ան Լիբանան եկած էր հրաւէրովը Հայկազեան Գոլեճի՝ այժմ համալսարան, հոգաբարձութեան, որպէս շրջանաւարտից հանդէսի գլխաւոր բանախօս։

Այնճարի համար անզուգական երեւոյթ մըն էր Սարոյեանի այցելութիւնը եւ առ այդ՝ անոնց սարքած ընդունելութիւնը եղաւ բացառիկ։ Գիւղի մուտքին՝ Սարոյեան ընդունուեցաւ աւանդական «Տաւուլ, զուրնայ»-ով եւ հայկական պարերով։

Այցելելէ ետք առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներու վարժարանները, Սարոյեանի համար պատրաստուած էր հայկական ուտելիքներով ճոխ ճաշասեղան մը, գեղատեսիլ պարտէզի մը մէջ, աղբիւրի կողքին։ Ճաշէն ետք պատրաստուած էր նաեւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ աշակերտներու կողմէ, ինչպէս նաեւ բարի գալուստի եւ գնահատական խօսքեր, գիւղապետի, եկեղեցական հայրերու եւ դպրոցի տնօրէններուն կողմէ։ Աւա՜ղ սակայն, անոնցմէ ոչ մէկը գործադրութեան դրուեցան հետեւեալ պատճառով։

Արդարեւ հազիւ ճաշը աւարտած, Սարոյեան ոտքի ելաւ եւ «Ես գիւղը կ՛ուզեմ պտըտիլ» ըսելով ձգեց ընդունելութիւնը եւ գնաց։ Բնականաբար իրեն հետեւեցան իր ուղեկիցը, գիւղապետը եւ այլ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները։

Յուսախաբութիւնը աշակերտներուն մօտ ակներեւ էր։ Անոնք մեծ պատրաստութիւն տեսած էին արտասանելու, երգելու եւ պարելու, ի յարգանք ամերիկահայ նշանաւոր հիւրին, որուն ծանօթ էին միայն իր պատմութիւններուն ընդմէջէն . . .  

Ճան Մարգարեան

Վերապատուելի Դոկտ. Ճան Մարգարեան՝ որ անցեալ տարի մահացաւ 104 տարեկան ին, երկու անգամ եղած է Հայկազեան Գոլեճի (այժմ համալսարան) նախագահը։ Գոլեճը հիմնուեցաւ 1955 թուականին եւ ամերիկայէն ժամանելով ինք եղաւ առաջին նախագահը եւ մնաց իր պաշտօնին վրայ մինչեւ 1966 թուականը։

Իր երկրորդ նախագահութիւնը դարձեալ տեւեց տասնըմէկ տարի, 1971-1982: Ան նախագահ ըլլալու կողքին դաստիարակ էր նաեւ, բարձր դասարաններուն դասաւանդելով կրօնք՝ յատկապէս philosophy of religion:

Ան սիրուած էր թէ ուսանողներուն կողմէ եւ թէ ալ գոլեճի ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին կողմէ։ Առաւել՝ ան յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր Պէյրութի հայ թէ օտար շրջանակներու մտաւորական եւ պետական խաւի անդամներուն կողմէ։

Երկու տարի ուսանելով (1964-66) Հայկազեան Գոլեճի մէջ, առիթը ունեցած եմ մօտէն ճանչնալու զինք որպէս նախագահ, դասատու եւ խորհրդատու։ Դէպքը, որուն մասին պիտի արտայայտուիմ, պատահեցաւ 1965 թուականին, Հայոց Ցեղասպանութեան 50րդ տարելիցին։

Այդ տարին՝ առաջին անգամ ըլլալով, Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս նշուեցաւ մեր հայրենիքին մէջ։ Հայոց Վեհափառը, պետական աւագանին եւ ժողովուրդը՝ մեծով-պզտիկով, խուռներամ բարձրացան դէպի ծիծեռնակաբերդի բլուրը եւ ոչ թէ միայն աղօթքներով յարգեցին մեր անմեղ զոհերու յիշատակը, այլեւ պահանջատիրութեան պատգամներով հրապարակ իջան, խանդավառելով ժողովուրդը։

Սփիւռքն ալ իր կարգին անմասն չմնաց մասնակցելու մեծ Եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութեանց։ Պէյրութի մէջ կազմակերպուեցաւ՝ ազգային թէ եկեղեցական բոլոր հոսանքներու միացումով, յիշատակի բացառիկ ձեռնարկ մը, Ամերիկեան Համալսարանի West Hall հանդիսասրահին մէջ։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Վերապատուելի Դոկտ. Ճան Մարգարեանը։ Գեղարուեստական յայտագիրը անթերի էր, սակայն բանախօսութիւնը մեծ յուսախաբութիւն մը ստեղծեց ներկայ հասարակութեան մօտ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ ամերիկահայ՝ գոլեճի նախագահ դարձած հոգեւորականի պատգամը կեդրոնացած էր ներելու ոգիին մէջ։

Ան իր «քարոզ»-ին  նիւթ դարձուցած էր Մատթէոս Աւետարանի 5րդ գլխուն 44 համարը որ կ՛ըսէ, «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ՛ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։»

Այս պատգամը թիւր չեկաւ բնաւ Եղեռնէն մազապուրծ վերապրողներուն եւ անոնց ժառանգորդներուն, որոնք վրէժխնդրութեան ոգիով տոգորուած ըլլալով, կը հաւատային միայն «աչքի դէմ աչք, ատամի դէմ ատամ» յանկերգին եւ պատրաստ չէին երբեք ներելու եւ մոռնալու քսաներորդ դարի այդ առաջին եւ ահաւոր ցեղասպանութիւնը, որ կը միտէր բնաջինջ ընել ժողովուրդ մը ամբողջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին