Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան Առթիւ Սուրբ Լուսաւորչի Աջով Օրհնուեցան Մեր Ժողովուրդի Զաւակները

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց աշխարհին մէջ ամրապնդեց հայկական ինքնութեան հիմնաքար հանդիսացող քրիստոնէութիւնը եւ իր հաւատքին ու կամքին շնորհիւ ամբողջ ազգ մը դարձի բերաւ։ Իր այս առաքելութեան ընթացքին ան դիմագրաւեց բազմաթիւ սոսկալի չարչարանքներ, որոնց յիշատակութիւնը հայ եկեղեցին կը նշէ Գալստեան Կիրակիին։ Լուսաւորչի մուտն ի վիրապ տօնին կը նշենք նաեւ հայրապետարանիս ուխտի տօնը՝ Մայրավանքին համանուն Տաճարին նուիրուած։

Առ այդ, Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Վեհարանի դահլիճէն սկիզբ առաւ Հայրապետական թափօրը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր հարստութիւնը համարուող սրբազան մասունքներու արկղով մուտք գործեց Մայր Տաճար: Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։ Սրբազանը իր քարոզը սկսաւ Լուսաւորչի վիրապ մուտքի շարականի խօսքերով, որ արտայայտութիւն է ցնծութեան եւ հրաւէր՝ աղօթքի ու ապաշխարութեան։ Ան ըսաւ, որ այսօր մենք էականօրէն կարիքը ունինք  աշխարհով մէկ  հոգեւոր արթնութեան։ Սրբազանը ամփոփելով տօնին պատմագը՝ նշեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ընդհանրական եկեղեցւոյ մեծ սուրբն է։ Ան ոչ միայն հայոց հաւատքի կերտիչն է, այլեւ հայ քրիստոնեայ ազգին կերտիչը։ Սրբազան հայրը իր քարոզը եզրափակեց՝ վստահեցնելով, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ  հաւատքի  իր զօրութեան չափով կը ստանայ ամէն ինչ որ կը խնդրէ սուրբէն՝ որովհետեւ սուրբերուն մէջ Քրիստոս կը բնակի։

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սուրբին լուսաւորող Աջով աւանդական թափօր: Յայտնենք, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Ս. Աջին կողքին հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներու աջերով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը ի պահ դրուած այլ սրբազան մասունքներով: Թափօրի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ Ս. Խորան եւ Լուսաւորչի սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Ապա, Մայր Տաճարի խորանին վրայ զետեղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս Հայրապետներուն աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ Խորանին վրայ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։

Ուխտի Օրուան Հսկում

Ուխտի օրը նախորդող օրը՝ Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին, Դպրեվանքի սաներն ու ուխտաւորներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուխտերթ կատարեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն Անթիլիասի Մայրավանք, որմէ ետք մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ. յաջորդիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւններէն սրբազան մասունքներ, իսկ երեկոյեան Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որուն աւարտին ան իր խօսքը ուղղեց ուխտաւոր հայորդիներուն։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր պատգամին մէջ խօսեցաւ Գրիգոր Լուսաւորչին մեզի պարգեւած հոգեւոր վերածնունդի եւ հոգեւոր յեղափոխութեան մասին՝ նշելով, որ կարելի չէ հասկնալ սուրբը առանց անդրադառնալու մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս իր կատարած հոգեւոր յեղափոխութեան։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ թէեւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները Աստուծոյ լոյսը բերած էին Հայաստան, սակայն այդ մէկը տակաւին կենդանի եւ ամէնօրեայ ներկայութիւն չէր եղած ժողովուրդին մօտ, իսկ Լուաւորիչը ինք եղաւ հաւատքի առաքեալը՝ յեղաշրջելով մեր ժողովուրդի կեանքը եւ զայն թրծելով Աստուածային լոյսով եւ երկնային օրհնութեամբ։ Եթէ նայինք մեր ժողովուրդի պատմութեան, մեր մշակոյթին, յստակօրէն պիտի տեսնենք հոգեւոր արժէքներուն տիրական նրեկայութիւնը եւ մեր հոգեւոր մշակոյթը ծնունդ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ ապա թարգմանչաց սերունդով նոր տարածք, նոր ծաւալ ստացաւ, յայտնեց ան։

Խօսելով տօնին անժամանակ հրամայականին մասին՝ Հայրապետը ըսաւ, որ այսօր աւելի քան երբեք մենք կարիքը ունինք Լուսաւորչի հոգեւոր վերածննդեան. «Մեր շուրջը տիրող խաւարին եւ խաւարային մտածումներուն դիմաց այսօր մենք կոչուած ենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր վերածնունդը շարունակելու՝ հաւատարիմ ըլլալով աստուածաշնչական արժէքներուն եւ ուսուցումներուն», նշեց ան՝ շարունակելով, որ Աստուծոյ Որդին Ինք աշխարհ բերաւ հոգեւոր վերածնունդը եւ Ինք սկսաւ հոգեւոր յեղափոխութիւնը մարդկային կեանքին մէջ. «Լուսաւորիչը մեր կեանքին առջեւ բացաւ հաւատքի, լոյսի, հոգեւոր արժէքներու, նուիրումի, միասնականութեան, հայրենասիրութեան ճամբան եւ իւրաքանչիւր հայ կոչուած է քալելու այդ ճամբէն։ Մենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի զաւակներն ենք եւ որպէս զաւակներ մենք պէտք է հետեւինք մեծ հայրապետին, մեծ սուրբին հոգեւոր վերածննդեան», եզրափակեց ան։

Նշենք, որ ԱՆթիլիասի Մայր Տաճարի Ուխտի Օրը ուխտաւորներ աղօթական մթնոքորտի մէջ կը գիշերեն Տաճարին մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին