Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Բամ բաս բայ (14.04.2022)

Կ՛ըսուի, թէ քանի մը ամիս առաջ Հայաստան այցելած ազգային կուսակցութեան մը Լիբանանի պատասխանատուին այցին բուն նպատակը մեծապէս առնչուած էր Լիբանանի մօտալուտ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ:

Ըստ չհաստատուած տեղեկութիւններու, ան Հայաստան հաստատուած լիբանանահայերուն չէ քաջալերած գրանցուիլ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ քուէարկելու գործընթացին: Փոխարէնը, խոստացած է Մայիս 15ի նախօրէին, դէպի Լիբանան երթ ու դարձի տոմս ապահովել, որպէսզի անոնք Լիբանանի մէջ քուէարկեն…: Իսկ թէ ինչո՞ւ այս կարգադրութիւնը. հարցը աւելի քան պարզ է: Տուեալ կուսակցութեան պատմութեան ծանօթ իւրաքանչիւր անձ լաւ գիտէ, որ ընտրութեան օրը տուեալ կուսակցութիւնը Լիբանանի մէջ աւելի լաւ կրնայ վերահսկել ընտրողներուն քուէաթերթիկը քան Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան դռներէն ներս…:

Նման տուեալ մը հաստատուելու պարագային, այն ո՛չ միայն ընտրակաշառքի պարագայ է, ինչպէս նաեւ քաղաքացիին ազատ ընտրելու իրաւունքին դէմ բռնութիւն, այլ նաեւ անձնական կամ հատուածական շահի համար լիբանանահայութեան վարկին վնաս հասցնող գործողութիւն:

Նշեալ վնասը արդէն իսկ փաստ է, որովհետեւ լիբանանեան տեղական մամուլը վերջերս լայնօրէն անդրադարձաւ արտերկիր ապրող լիբանանահայերուն, Լիբանանի հանդէպ ունեցած անտարբերութեան մասին, որովհետեւ արտերկրի մէջ գրանցուած լիբանանահայերու թիւը ամօթալիօրէն չափազանց վտիտ էր:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին