Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Զաւէն Կիրակոսեան

Զաւէն Թադեւոսի Կիրակոսեան ծնած է (31 Մարտ 1936, Գահիրէ), ֆիզիքոս, Ֆիզիքա-մաթեմատիկական գիտութիւններու դոկտոր (1962)։

1956 թուականին աւարտած է Քալիֆորնիոյ Պըրքլէյի համալսարանը: 1956-1962 թթ. աշխատած է նոյն համալսարանին մէջ, 1963-1970 թթ.` Ստանֆորտի համալսարանի գծային արագացուցիչի կեդրոնին մէջ, 1970-1978 թթ.` նոյն համալսարանի բարձր էներգիաներու ֆիզիքայի եւ միքրոալիքային ճառագայթման տարրալուծարանին  մէջ։ 1979-1994 թթ.` ԱՄՆ-ի ՊՆ աւիատիեզերական ընկերութեան պաշտպանական արհեստագիտութեան մշակումներու տնօրէն, 2005 թուականէն` ՀՀ մէջ իր հիմնադրած գիտաարտադրական խորհուրդի նախագահ։

Աշխատանքները կը վերաբերին տարրական մասնիկներու յայտնաբերման, բարձր էներկիաներէ ֆիզիկայի գերզգայուն սարքաւորումներէ եւ սարքերէ, պաշտպանական արհեստագիտութիւններէ (հեռահաս գերհզօր լազերներ, միքրոալիք հզօր ճառագայթիչներ) մշակման, խիտ փրոթոնային եւ ելեկտրոնային արագացուցիչներէ, միջուկային էներկետիք աղբիւրներէ ստացման, ռադիօակտիւ թափօններու եւ աշխատած միջուկային վառելիքի մշակման հարցերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին