Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Քաղաքական Թնճուկներ Կարելի Չէ Զէնքի Ուժով Լուծել

Նամակ Ամերիկայէն – 21 –

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անհաւանականութեան ծիրէն դուրս չեն մնար հետեւեալ զարգացումները՝ իբրեւ հետեւանք ռուսական բանակի Ուքրանիա արշաւանքին:

Առաջին. Դիւանագիտական կապերու խզում կամ առկախում՝ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի եւ արեւմտեան այլ երկիրներու միջեւ:

Երկրորդ. Ռուս-Ուքրանական զինեալ բախումները կրնան ներգրաւել Ուքրանիոյ սահմանակից այլ երկիրները, պատերազմը ընդլայնելով եւրոպական ցամաքամասին վրայ, մասնակցութեամբ այլ երկիրներու:

Երրորդ. Չինաստան, Ռուսիա, Իրան, Վենեզուելլա, Նիքարակուա եւ Գուպա նոր առանցք մը կրնայ կազմուիլ, հակադրելու առաջադրութեամբ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը վայելող Արեւմտեան աշխարհը:

Չորրորդ. Նախագահ Փութինը ցարդ անսասան հեղինակութիւնն ու անբեկանելի իշխանութիւնը կրնայ իր անփառունակ վախճանին հասնիլ:

Թէեւ Միացեալ նահանգներուն նախագահ Ճօ Պայտըն ռուս-ուքրանական պատերազմի  նախօրեակին յարատեւօրէն կը նախատեսեր ռուսական նախայարձակումը Ուքրանիոյ վրայ եւ կ’ազդարարէր Փութինին հեռու մնալ նման «արկածախնդրութենէ» մը: Սակայն յետադարձ ակնարկով մը կարելի է համոզուիլ թէ Քրեմլինի ղեկավարը վճռած էր Քիեւի հետ իր տարակարծութիւնները պատերազմի դաշտին վրայ լուծել: Յատկապէս Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնն ու Գերմանիոյ վարչապետ Շոլց բազմաթիւ անգամներ անձնական շփումներով եւ հեռաձայնային երկար խօսակցութիւններու ընթացքին յամառօրէն փորձեցին նախագահ Փութինին համոզել, լքել Ուքրանիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններ իրագործելու իր որոշումը: Ռուս ղեկավարը քաջածանօթ էր տնտեսական այն աղետալի հետեւանքներուն, որուն զոհ պիտի երթար Ռուսաստան, իբրեւ անդրադարձ Ուքրանիոյ դէմ շղթայազերծուելիք յարձակումի մը: Փութինը անկասկած կը գիտակցէր, թէ նման քայլ մը Ռուսաստանը պիտի կղզիացնէր արեւմտեան աշխարհէն, խզեր տասնամեակներէ ի վեր հմտօրէն մշակուող եւ զարգացող տնտեսական-քաղաքական կապերը եւրոպայի հետ: Աւելին, այս անխուսափելի  կղզիացումը Ռուսաստանը պիտի նետէր Չինաստանի գիրկը:

Ռուս ղեկավարին համար յատկապէս մտահոգիչ երեւոյթ մըն է անկասկած ռուս հասարակութեան խոր վերապահութիւնը աղետալի եւ արիւնալի այս պատերազմին նկատմամբ:

«Որո՞ւն դէմ է այս պատերազմը» հարց կուտայ ռուս ժողովուրդը: Փութինն էր պաշտօնապէս յայտարարողը, պատերազմէն օր մը առաջ, մօտալուտ նախայարձակումը արդարացնող իր ռուս ժողովուրդին ուղղուած կոչին մէջ թէ Ռուսիան եւ Ուքրանիան մէկ երկիր են, թէ ռուսերն եւ ուքրանացիները միեւնոյն ժողովուրդն են, երկու ժողովուրդներն ալ կը գործածեն մէկ այբբենգիմը, նոյն ակունքէն բխած են եւ Ուքրանացի ժողովուրդին կէսէն աւելի կը պատկանի քրիստոնէական ուղղափառ վարդապետութեան, մնացեալ մասը, արեւմտեան Ուքրանիան՝ կաթոլիկ է:

Ռուսաստանի լայնածաւալ տարածքին վրայ, բողոքի ձայները աւելի ստուար կը դառնան օրէ օր: Դժուար պիտի ըլլայ զսպել ռուս ժողովուրդին՝ յատկապէս երիտասարդ եւ համալսարանական զանգուածներուն ընդվզումը: Ընտանեկան եւ ազգականական բազմաթիւ կապեր գոյութիւն ունին երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Ռուս երիտասարդ եւ մասնաւորաբար զարգացած, ազատամիտ եւ նոյնքան հայրենասէր տարրը չի կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, թէ իրենց հզօր երկիրը զինուորական հսկայ ուժով կը բռնաբարէ դրացի երկրի մը հողային անձեռնմխելիութիւնը:

Նախագահ Փութին անդրդուելի կը մնայ իր կեցուածքին մէջ: Իր գնահատումով արեւմուտքը անարդար գտնուած է Ռուսիոյ նկատմամբ՝ յատկապէս ցուրտ պատերազմի յաջորդող տարիներուն, երբ երկիրը կը փորձեր ինքզինք վերագտնել, իր տեղը փնտռել միջազգային թատերաբեմին վրայ: Աւելին, խարխափումի այդ դժուար եւ անստոյգ շրջանին, Քրեմլինի նորահաստատ ղեկավար աւագանին լուրջ կերպով կը հետապնդէր գոյակցիլ եւ համագործակցիլ արեւմուտքի հետ: Մոսկուայի կարծիքով սակայն արեւմուտքը ոչ միայն անտեսեց եւ արհամարհեց, մերձեցման բոլոր փորձերը, այլ խոցելի տեսնելով Ռուսիոյ գոյավիճակը յաջողեցաւ օգտուիլ առիթէն սահմանափակելով Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտին: Երբ Ամերիկան ամիսներ ամբողջ ռմբակոծեց Եուկոսլավիան, Ռուսիան շուքի մէջ նստաւ: Երբ մէկ եւ հզօր Եուկոսլավիան եօթը երկիրներու վերածուեցաւ, օրինակ Ռուսիան միայն լուսանցքէն ափսոսանք արտայայտեց: Ռուս Ուքրանական ներկայ պատերազմը ժայթքեցուց հակառուս մոլուցքը որ կուտակուած էր արեւմտեան կարգ մը պետական շրջաններու մօտ, տասնամեակներ ամբողջ:

Ի՞նչ պատճառներ հրահրեցին Քրեմլինի ղեկավարը այս քայլին դիմելու: Քիեւի իշխանութիւնները՝ յատկապէս 2014էն ետք, երբ Ռուսաստանը Խրիմի թերակղզիին «Մայր Ռուսիոյ» կցեց, անսպառ ճիգով կը փորձէին անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին: Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը լաւապէս կը գիտակցէին թէ նման քայլի մը հաւանականութիւնը նոյնիսկ պիտի բռնկեցներ Մոսկուան: Հետեւաբար, արեւմուտքը մէկ կողմէ հաւաստիացուց Քիեւին, թէ օր մը մաս պիտի կազմէ Ատլանտեան Ուխտին եւ զուգահեռաբար սկսաւ զինել եւ զինամթերք հայթայթել Ուքրանիոյ: Միւս կողմէ փորձեց տարհամոզել Քրեմլինը, թէ Քիեւի անդամակցութիւնը մօտակայ հեռանկարներ չի պարզեր: Ռուսիոյ սահմանակից Ուքրանիոյ Տոնպաս եւ Lուհացք շրջաններուն որոշ մէկ հատուածներ որոնք 2014էն ի վեր անջատողականներուն հսկողութեան տակ կը գտնուէին, անընդհատ ուքրանական բանակին կողմէ կը թիրախաւորուէին, խլելով՝ մարդկային զոհեր:

Նախագահ Փութինի Ուքրանիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, իր իսկ յայտարարութիւններով, կը միտի Ուքրանիան ապազինեալ եւ չէզոք երկիր մը դարձնել ուր օտար զինուորական ներկայութիւն գոյութիւն պիտի չունենայ, ինչպէս նաեւ  Քիեւին պարտադրել միանգամ ընդմիշտ հրաժարիլ որեւէ զինուորական ուխտի մը մասնակցելու յաւակնոտութիւնէ: Առաւել ըլլալով, Քրեմլինը չէ ծածկած իր մտադրութիւնը Քիեւին պարտադրելու պաշտօնական ճանաչում շնորհել Խրիմին՝ իբրեւ ռուսական դաշնակցութիւն մաս կազմող հողաշերտ եւ Տոնպասն ու Lուհանցքը կցել Ռուսիոյ:

Փետրուար 24-ի ռուսական բանակին Ուքրանիա ներթափանցումը, արեւմտեան զինուորական մասնագէտներու գնահատումով, ընդհուպ յաղթանակի մը Փութինի ակնկալութիւնները ցարդ ի դերեւ հանած: Երեւոյթներէն դատելով, ռուսական բանակը շաբաթներու թաւալքին հետ մարդկային եւ զինուորական կազմածներու ծանր կորուստներ կ’արձանագրէ: Քիեւի շուրջ ռուսական զօրքերուն հաստատած օղակը սկսած է թուլանալ: Միւս կողմէ, Ազովի լիճին եւ Ուքրանիոյ սեւ ծովու շրջանը, Օտեսայէն ի բացառեալ, ռուսական հսկողութեան տակ կը գտնուի:

Զինադուլի մը հեռանկարները կը մնան թէական: Այնքան ատեն երբ Միացեալ Արեւմուտքը մեծածաւալ արդիական զէնքեր կը հայթայթէ Քիեւին, որուն շնորհիւ Ուքրանական ուժերը համեստ յաջողութիւններ կ’արձանագրեն, նախագահ Զելենսքին կը ձեւացնէ անզիջող ըլլալ:

Բովանդակ արեւմուտքի հայեացքը այսօր կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրայ: Ռուս Արտաքին գործոց Վեթերան նախարար Սերկէյ Լաւրովի բառերով, «Արեւմուտքը մեզ ծունկի կ’ուզէ բերել. կործանել»: Յարձակելով Ուքրանիոյ վրայ, նախագահ Փութին այդ դժոխքին դռները լայն բացաւ արեւմուտքին առջեւ: Այս պահուն, մեր մոլորակին բոլոր մեղքերը փաթթուած են Վլատիմիր Փութինի վիզին: Նախագահ Պայտըն Լեհաստան իր կատարած այցելութեան ընթացքին հազիւ քանի մը օրեր առաջ ծանր բառեր գործածեց ռուս նախագահին դէմ եւ պաշտօնական ճառ մը արտասանելով ան շեշտեց թէ «Փութինը իշխանութեան վրայ պէտք չէ մնայ»:

Նիւ Եորք – ԱՄՆ
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին