Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու կը յայտարարենք, թէ Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամի Յանձնախումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Յանձնախումբի անդամներն են.- տեարք Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Խաչիկ ՏԷր Ղուկասեան (Արժանթին) եւ դոկտ․ Միհրան Տապպաղ (Գերմանիա)։

Յանձնախումբի տրամադրութեան տակ կը գտնուին որոշ թիւով գործեր, զանազան լեզուներով, որոնք յաջորդաբար պիտի հրատարակուին յառաջիկայ ամիսներուն։

Հիմնադրամը 2022-ի համար պատրաստ է ընդունելու նոր գործեր՝ ուսումնասիրութիւններ եւ կամ ուսանողական աւարտաճառեր, որոնք առնչուած են հայ դատի, հայ քաղաքական մտածողութեան զարգացման, Սփիւռքի հոլովոյթին եւ հայ ժողովուրդի բռնագրաւուած իրաւունքներուն։

Ներկայացուելիք աշխատութիւնները պէտք է յղել հետեւեալ հասցէին.-

Khatchig Babikian Publication Fund

Armenian Catholicosate of Cilicia

P.O.Box 70317

Antelias, Lebanon

E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org

ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին