Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Փշրուած Երէկէն

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ի՜նչ խանդավառութեամբ պատանութենէ երիտասարդութիւն անցնող տարիքին կ՛երգէինք «մերիններուն» հետ (Վարժարանին մէջ կար ընդյատակեայ խմբաւորում) Միասնութեան երգեր աշխարհի չորս ծագերը ի մի բերող որոնց գլխաւորն էր «Բիւր ազգի որդիներս, երազում ենք խաղաղ կեանք ու  սէր, մենք այս ահեղ օրերին կռւում ենք որ ազատ միշտ լինինք եւ այլն»: Հաւատքն էր որ կը ներգործէր. Չէինք մոռնար նաեւ մեր բաժինը՝ ազգային յեղափոխաշունչ խօսքեր. Օրինակ մը Չարենցէն .- «Սօ՛մա, օ, Սօ՛մա, օրհնուի՜ թող այն վայրկեանը կարմիր աշխարհում այս չար երբ մարդու սրտում առաջին անգամ հրի փոխուեցար ու Ակնի՛ դարձար»… Երանելի օրեր. Հաւատա՛լ մարդուն, ունենալ Հայեացք: Բայց ինչպէս ոչ մէկ բան կայուն չէ, անցան օրեր ու տարիներ ու փորձառաբար եւ՛ անձնական եւ երկիրներու մէջ պատահած խռովութիւնները ցոյց տուին որ ԵՐԱԶՆԵՐԸ ԳԵՐԻ ՉԵՆ ԴԱՌՆԱՐ, եւ անիրականալի երազներէն գլխաւորն է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐԸ մէկ կողմէ աղքատներու եւ զիրենք աղքատացնողներու միջեւ եւ Մեծ Պետութիւններու եւ Ենթակայ Պետութիւններու, եւ չկայ հասարակ յայտարար նախնադարերէն ի վեր: Օ՜, պատանութիւն եւ…Բիւր ազգի որդիներս եղբայրակցութիւն. մոռնալով ազգայինը, ընկերայինը, վերջապէս «երկրային դրախտային»ին մէջ պիտի ձուլուէին յանուն ընդհանուր խաղաղութեան եւ համերաշխ կեանքի եւ արդէն հասած պիտի ըլլայինք ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ: Օ՜, պատանութիւն, բարեացակամութիւն եւ հանդուրժողութիւն, որոնց խմբավարն էր ՀԱՒԱՏՔԸ ի հարկէ ծննդոցը «Վերին Խաւն» էր:

Մարդկայնական գաղափարաբանութեան արգասիք, առանց որ ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ քննած, սերտած, գէթ պատմութեան ժառանգած տուեալներով, վերջապէս ՃԱՆՉՑԱԾ ըսենք մէկ բառով, կարճ կտրուկ: Օրերը թաւալեցան ու իրականութիւնը իր բարձրագոյն երազներէն տապալեցաւ եւ տեսանք կմախքը անոր, թէեւ շատերու համար արդէն ուշացած: Պէտք էր քիչ մը քննական ըլլալ, համապարփակ, ու սերտել անցեալը առարկայօրէն: Միայն միտք  մը «ԿԻԼԿԱՄԻՇԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏ»էն (Չորս հազար հինգ հարիւր տարուան հնութիւն ունեցող) բաւ էր ցուցմունք ըլլալու.-«Ուտնապիշտին բարբառում է նրան, իր ընկերուհուն. ԿԵՂԾԱՒՈՐ Է ՄԱՐԴԸ, ՆԱ ՔԵԶ  ԿԸ ԽԱԲԻ», բաւ էր ցուցմունք ըլլալու բարեմիտ կամ այդպիսի խօսքերու հեղինակներուն ջարդելու եւ մէկդի շպրտելու ե՛ւ վարդապետութիւն ե՛ւ հաւաքականութեան հանդէպ վստահութիւն (թէեւ առանց անոնց ալ անկարելի է շարժում յառաջացնել): Շարժումի մասնակիցներ պէտք է ե՛ւ վստահութիւն ե՛ւ կասկած ունենան իրարու վրայ:

Գաղափարապաշտութիւնը լաւ բան է. Անո՛վ կը մղուին ժողովուրդներ ու մարդիկ:Այդպէս  երազեցինք ու անցանք. Մնաց յուշը դառնաղի փշրուած ծաղկամանի նման անկարելիին՝ որուն հաւատացեր էի, էինք, ու անով կը շնչէինք ու կ՛ապրէինք: Յոգնակիներէն բազմաթիւ եզակիներ  յառաջացան ու ամէն մէկը իր ճամբով իր սեփականին հետամուտ՝ ցրուեցան: Ամէն ոք իր բախտին, ազատութեան, ինչպէս հովին ենթակայ թերթիկ թռուցիկի նման:

«Բիւր ազգի որդիներս»…

Իսկ հիմա նստեր եմ լուռ դէմը՝ հեռուստացոյցին. Դիտելով քաղուածք մը կ՛ընեմ երեւակայութեան թեւերով ե՛ւ մարդկութեան ե՛ւ մեր ազգին անցեալն ու ներկան: Ուքրանիա, Պաղեստին, Արցախ, Հայաստան…ու սրտիս զարկերուն խնայելու համար կը փակեմ հեռուստացոյցը: Ապա՝ Առանձնութիւն: Մենախօսութիւն եւ գրութիւնն այս:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին