Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Եւս Մէկ Պարգեւատրում Ալեքսանտր Սարուխանին

Պատիւ Արժանաւորին

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Արաբական երգիծանկարչութեան ռահվիրաներու գիտաժողովի հինգերորդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ սոյն թուականի Մարտ 2-էն 8,

Գահիրէի օփերայի տան «Սալահ Թահէր» սրահէն ներս։

Եգիպտացի մեծ նկարիչ ու երգիծաբան Իմատ Ճումաայի հիմնադրած ու տնօրինած այս գիտաժողովի օրակարգին մէջ էր մեծարել  երգիծանկարչութեան ռահվիրաներ՝ հայ մեծ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանն ու «Ալահրամ» թերթի երգիծանկարչութեան բաժնի նախկին պատասխանատու՝ մեծ նկարիչ Ֆարաճ Հասանը։

Գիտաժողովի ընթացքին ուշագրաւ էր ներկայութիւնը եգիպտացի անուանի երգիծանկարիչ- երգիծանկարչուհիներու

ինչպիսիք են՝ Մուհամմատ Օմար, Ամր Ապտըլ Աթի, Ռաղտա Հիճազի, Սալի Ալքասսաս, Ապտըլ Ուահապ Ալշահաուի եւ զանազան լրատուամիջոցներու եւ հեռուստակայաններու ներկայացուցիչներ։

Յիշարժան է որ իր ելոյթի ընթացքին գիտաժողովի տնօրէն Ճումաան նշեց, թէ այս միջոցառումը հիմնադրելով ան նպատակ ունեցած է հող պատրաստել արաբական երգիծանկարներու թանգարանի հիմնադրութեան, որուն էական նպատակը կ’ըլլայ  արաբական երգիծանկարչութեան ռահվիրաներէն մնացած թանկարժէք գործերը փրկել ու զանոնք որպէս ժառանգ փոխանցել սերունդէ սերունդ։

Հետաքրքրական էր նաեւ նկարիչ Ֆարաճի անդրադարձած մէկ այլ իրողութիւնը. թուային նկարչութեան հանդէպ իր ունեցած դիրքորոշումը, որ յստակ էր իր նկարի մը գեղեցկութեան գաղտնիքը ընդգծելով։ Ըստ Ֆարակին, նկար մը իրոք գեղեցիկ է, երբ կը կրէ իր նկարիչի ձեռքին զարկերակն ու սրտին զգացումները, որոնք անկեղծօրէն կը փոխանցուին թուղթին, հետեւաբար նկարը կ’ըլլայ իրական ու կենսայորդ եւ ոչ շինծու եւ արհեստական։ Այս առիթով նկարիչիը տխրութեամբ նշեց այսօր լոյս տեսնող զանազան թերթերու մէջ տեղադրուած մեծ երգիծանկարիչներու ստեղծագործութիւններուն թուային տարբերակները….

Գիտաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ապտալլահ Ալսաուին, որ հանգամանօրէն ներկայացուց եգիպտական երգիծանկարչութեան ռահվիրա Ալեքսանտր Սարուխանը, անդրադառնալով անոր ծննդավայրին,  դաստիարակութեան, նկարագրի կազմաւորման ու նկարչական բարձր կարողութիւններու բացայայտման։ Ան պատմեց, թէ Սարուխան ինչպէս եկաւ Եգիպտոս 20-ական թուականներու  սկիզբը եւ իր սպանացի գործընկերոջ Ճուան Սանթսի եւ Ալի Ռաֆիք Ալթուրքիի հետ սկսեցաւ ստեղծագործել  «Խայալ Ալզըլ» եւ «Ալքաշքուլ» պարբերականներուն մէջ իր սուր միտքերով ու վարվռուն գոյներով…

Ապտալլահ Ալսաուին անդրադարձաւ Սարուխանի եւ մեծ լրագրող Մուհամմատ Ալթապիիի մտերիմ յարաբերութեան եւ թէ ինչպէս վերջինը Սարուխանը համոզեց աշխատիլ հանրայայտ «Ռօզըեուսէֆ» պարբերականին մէջ ու դառնալ անոր պատմութեան ամենակարեւոր նկարիչներէն մէկը: Սաուին յիշեց նաեւ Սարուխանի մեծ ներդրումը «Ախէր Սաա» պարբերականի եւ «Ախպար ալեաում» թերթի հիմնադրման պատմութեանց մէջ։  

Հայ մեծ երգիծանկարիչ Սարուխանի մեծարման այս երեկոյի ընթացքին նշուեցաւ որ ան 1955-ին մեծարուած էր Եգիպտոսի նախկին նախագահ Ճամալ Ապտըլնասէրի կողմէն։

Ճիշդ է, ժամանակը անցած է ու դեռերս կ’անցնի, բայց ինչպէս բոլորիս յստակ է ոչինչ կը փոխուի Սարուխանի թողած արուեստի մեծ ժառանգութեան արժէքին ու անոր գոյատեւման յստակ իրողութեան մասին… եւ ինչ խօսք որ զարմանալի չէ այս գոյատեւումը, որովհետեւ ան արդիւնքն է Սարուխանի ընտանիքին եւ յատկապէս  թոռնուհիներուն տարած մեծ ու նրբանկատ աշխատանքին։ Անոնք գիտաժողովի եւ մեծարման այս երեկոյին առթիւ հանրութեան ուշադրութեան  տրամադրած էին Սարուխանի հազուագիւտ գործերէն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ արժանացան գիտաժողովի սրահը խճողած արուեստասէր բազմութեան գնահատանքին։

Անգամ մը եւս, արժանաբար գնահատուեցաւ,  մեծարուեցաւ ու յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ մեր, բոլորիս մեծ արուեստագէտը։

Սարուխանի գործերուն մշտական հարթակ մը եղած ու դեռեւս ըլլալ շարունակող «Արեւ»ի խմբագրութեան անունով կը շնորհաւորենք Սարուխանի ընտանիքը, անոր դուստրը՝ սիրասուն Տիկին Սեդան, թոռնուհիները՝  Տիկ. Սօսի Ներետեան- Յակոբեանն ու Տիկ. Սիլվա Ներետեան-Բլատեանը եւ անոնց ընտանիքները, նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու սրտագին մաղթանքով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին