Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Կեանքը Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Բեմը Թնդաց Վարդանանց Ոգիով

«Դարերը կ’անցնին,

Բայց Վարդանը քաջ,

Բայց Վարդանը սուրբ

Կ’երթայ միշտ առաջ…» 

(Խորհուրդ Վարդանանց) Վահան Թէքէեան

Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի ուսման ընթացքը առկայ դրութեամբ վերականգնուելէ ետք, վերականգնուեցան նաեւ ազգային տօներու նշումը ատենամարզանքներու միջոցով:

  Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային տօներու շարքին, Վարդանանց տօնը ունի իր իւրայատուկ տեղն ու կարեւորութիւնը հայկական կեանքէն ներս, որովհետեւ իրարայաջորդ սերունդներ կը յիշեն, թէ 451 թուականին հայ ժողովուրդը իր իշխանական եւ հոգեւորական  աւագանիով, զինուորներով եւ քաջարի ժողովուրդով միացեալ բռունցք դարձաւ  եւ դէմ դրաւ քրիստոնէական եւ ազգային դիմագիծին սպառնացող մեծ վտանգի մը, կեանքի գնով պայքարեցաւ ու նահատակուեցաւ վասն կրօնքի ու վասն հայրենեաց:

Հայ ժողովուրդին հաւաքական ինքնութեան անքակտելի ազդակներէն քրիստոնէութիւնը եւ անոր թրծած ամուր հաւատքը, որուն համար հայ ժողովուրդը մղեց սրբազան պատերազմ ու պատմութեան մէջ դրոշմեց իր կնիքը։

«Խորհո՛ւրդ Վարդանանց:» Խորհուրդ՝ ազգի, լեզուի եւ հաւատքի: Խորհուրդ՝ յանդգնութեան, գոյապայքարի, հերոսութեան ու հաւատարմութեան: Եւ ահա Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահը  Չորեքշաբթի 23 Փետրուար 2022-ին թնդաց «Վարդանանց» տօնակատարութեամբ:

 Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Վահան Թէքէեան վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Միջն. Գ. դասարանէն՝ Փաթիլ Պետիկեան կատարեց բացման խօսքը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդի այժմէականութեան ըսելով, թէ արդի ժամանակներուն հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ կը սպառնան մեր ժողովուրդին, որուն համար անհրաժեշտ է Վարդանանց ոգիին ու քաջալերութեան. ազգի միութիւնն ու միասնականութիւնը ամրապնդելու համար:

Յայտագիրի բաժիններուն ընդմէջէն ընթերցուեցաւ հատուածներ Վարդանի ճառէն, կատարողութեամբ՝ Սթիվըն Աճէմեանի (նախ. Զ դասարան),  Անդրէաս Գաբրիէլեանի (Միջն. Ա դասարան) եւ Կրէյս  Հալաճեանի (Միջն. Գ դասարան):

Մեր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին « Քաջ Վարդան» եւ  «Մենք Քաջ Տոհմի» երգերը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մեր վարժարանին երգի ուսուցիչ Պրն. Ղազար Քէօշկէրեանի: Որմէ ետք,  նախակրթարանի եւ միջնակարգ դասարաններու խումբ մը աշակերտուհիներ «Արցախ» երաժշտութեան ներքոյ ներկայացուցին ազգագրական պար մը, որուն պարուսոյցն էր Օրդ. Փաթիլ Պալապանեան: Բանաստեղծութեան Իշխան՝ Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» բանաստեղծութիւնը ներկայացուցին նախ. Դ.-էն Միջն. Բ դասարաններու խումբ մը աշակերտներ: Տեղի ունեցաւ նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն «Վարդանին Ծառը» խորագրով պատմութիւնը, պատրաստուած Հայկաշխարհ կայքէջին կողմէ խմբագրութեամբ Նայիրի Մկրտիչեանի, ուր ձայնային ընթերացանութիւնը հեզասահօրէն կը կատարէր խմբագրին դուստրը՝ Արեգի, որուն հայրը՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանի շրջանաւարտ, հերոս՝ Յակոբ Տաղլեանն է: Հուսկ տեղի ունեցաւ տեսերիզի հետ առընչուած հարց-պատասխան պատրաստութեամբ մեր վարժարանին հայերէնի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Ռիթա Թամուկեանի: Աշակերտները խանդավառօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին տալով ճիշդ ու լիարժէք պատասխաններ Վարդանի Մամիկոնեանի եւ Աւարայրի ճակատամարտի մասին:

Ազգային արժանապատուութեան եւ իրաւունքին գիտակից ազգ մը կրնայ հասնիլ իր նպատակին, իսկ ազատութեան ու անոր սիրոյն զոհուելու գիտակից պատրաստակամութիւնը մաս կը կազմեն հայու ազգային նկարագրին:

Յայտագիրի աւարտին մեր վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ ան ըսաւ. « Դո՛ւք՝ սիրելի աշակերտներ, պէտք է արթուն պահէք Վարդանանց անմար հաւատքը եւ հաստատ ըլլաք հայրենիքի ազատութեան ու հաւատքի ամրապնդման գործերուն, որովհետեւ Վարդան Մամիկոնեան զոհուեցաւ հայրենիքի ազատութեան ու հաւատքի անսասանութեան համար։ Այսօր՝ մեր ալ պարտականութիւնն է կառչած մնալ մեր հզօր հաւատքին, եւ ամուր պահել մեր սրբազան  լեզուն:»

Ազնուափայլ տնօրէնուհին իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ գոյատեւման գաղափարին վրայ ըսելով՝ «Մենք, սիրելի աշակերտներ, կը գոյատեւենք, երբ Վարդանի նման հայ հերոսներ կ’ապրին մեր մէջ: Եղէ՛ք Վարդանի նման քաջ հերոսներ եւ փառք ու պատիւ ընծայեցէք հայ ազգին։»

Յուշատօնի աւարտին՝ տնօրէնուհին իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց յայտագիրը պատրաստող ուսուցիչներուն եւ մասնակից բոլոր աշակերտներուն:

Վարդանանց տօնը նշուեցաւ նաեւ Վահան Թէքէեան վարժարանի մանկամսուրին եւ մանկապարտէզին մէջ, փոքրերուն պատրաստած համապատասխան ձեռայիններով եւ ատենամարզանքով:

Փառք ու պատիւ Վարդանի եւ իր ընկերներուն յիշատակին:

                                                                        Վահան Թէքէեան Վարժարանի
                                                                             Լրատուական Գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին