Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Վարդանանք, Հայ Ժողովուրդը ու Համաշխարհայնացումը (Globalization)

Տեսանկիւն

Մարդկային պատմութեան ոչ այնքան քաջածանօթ հասարակութեան կը թուի, թէ «Համաշխարհայնացումը»՝ նորօրեայ երեւոյթ է:

«Համաշխարհայնացում»-ը, այսօր՝ խորքին մէջ «արեւմտայնացում»ն է: Արեւմտեան աշխարհի (Ամերիկա, Եւրոպա) «մշակոյթ»-ի, բարքերու եւ կենցաղի պարտադրանքն է, աշխարհի մնացեալ ազգերուն վրայ:

Հին աշխարհին մէջ չկար «արեւմուտք»: Իր օրերուն Մեծն Աղեքսանդրը իր դէպի արեւելք արշաւանքներով «հելլենայնացում»-ն էր, որ կ՛ընէր: Հռովմայեցիները՝ «հռովմէայնութիւն»ը: Յոյները՝ իրենցը: Արաբները՝ «Իսլամայնացում»-ը, եւայլն: Աւելի ուշ Սովետական Միութիւնը՝ յեղափոխութեան իր արտածումով՝ համայնավարութիւնը, Հիթլերը՝ «Նացիզմայնացում»-ը եւ այսպէս, շարունակ: «Թուրանականութիւն»-ն էր պակաս, որ արդէն ամէն օր աւելի եւս կ՛ուրուագծուի: Մեծը կը չէզոքացնէ փոքրին մշակոյթը, նոյնացնելով զայն իր հետ քաղաքա-մշակութա-տնտեսական ազդեցութեան նկատառումներով:

Վարդանանք, իրենց օրին՝ մե՜ծ զոհաբերութեամբ կասեցուցին հայոց աշխարհի վրայ զրադաշտական մշակոյթի տարածումը: Կարելի է երկար քննարկել «բարոյական յաղթանակ»-ի մը շօշափելիութիւնը: Սակայն փաստը այն է, որ Վարդանանց մարտնչումըՀ գումարած այդօրեայ աշխարհաքաղաքական զանազան տուեալներուն վրայ, պատճառ հանդիսացաւ, որ Հայ մշակոյթը գոյատեւէ ու Հայ ժողովուրդին պատմական արժէքները հասնին մեզի:

Վասակ Սիւնիի կերպարն ալ ինքնին քննարկելի է: Իրապաշտ-քաղաքագէտ-դիւանագէ՞տ (real-politician), թէ՞ դաւաճան, սակայն փաստը այն է, որ Վարդանանցը դարերէ ի վեր, ազգովին մեծ հպարտութեամբ կը նշենք, մինչ չկայ Հայ ընտանիք մը, որ իր զաւակը Վասակ կը կոչէ…:

Այսօր՝ Վարդանանց տօնն է, մինչ մենք կ՛ապրինք համաշխարհայնացումի ամենածանր ազդեցութիւններուն տակ Հայրենիքի, թէ Սփիւռքի մէջ: Սորոսականները, այպէս կոչուած «բաց հասարակութիւն»ները, «խաղաղասիրական» կեղծ լոզունգները եւ այլոք անխնայ կ՛արշաւեն:  Մեր ազգային-քրիստոնէական արժէքները լրջօրէն վտանգուած են: Սփիւռքը կը հիւծի, մինչ վտանգուած է Հայրենիքը: Հարցական է իր ազգային-արժէքներով ու մշակոյթով յատկանշուող Հայ ժողովուրդի գոյութիւնը:

Վասակի կերպարը այսօր յարիր է Հայաստանի իշխանութիւններուն (աւելի դաւաճանի կերպարով, քան դիւանագէտի): Այսօր՝ կը բացակայի ազգային գաղափարախօսութիւնը մեր ժողովուրդին մօտ: Կը յամենան Վարդանանք…:

Հայոց Պատմութիւնը նման դժուար օրեր ունեցած է, սակայն փաստը այն է, որ Հայ ժողովուրդը միշտ ալ ծնած է «Վարդան»ներ ու «Ղեւոնդ երէց»-ներ, որոնք ամենաճակատագրական պահուն յայտնուած են: Անոնք իրենց սեփական անձը զոհաբերելու գնով, իրենց սուրն ու խաչը վեր բռնած կոչած են՝ Վասն Հայրենեաց:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին