Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Համատարած Պառակտման, Խոր Հիասթափութեան Եւ Հաւաքական Կամքի Ջլատման Հանգրուանի Մը Սեմին

Սլաք

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԵՇԻՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը օրերու հարց է, եւ հաշուի առնելով որ Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորները, Ազգային Ժողովին մէջ ունին իրենց առաջադրած թեկնածուն ընտրելու համար քուէներու անհրաժեշտ քանակը, վստահաբար, ՀՀ յաջորդ նախագահ պիտի ընտրուի պարոն Վահագն Խաչատրեան: Յղում կատարելով թրքական աղբիւրին, օրերէ ի վեր համացանցը ողողուած է լրատւութեամբ, այն մասին, որ 2011 թուականին, Վահագն Խաչատրեան մասնակցելով Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած՝ հայ – թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող ժողովի մը, յայտարարած է, որ պատրաստ է ներողութիւն խնդրելու Թուրքիայէն՝ «ԱՍԱԼԱ – ի եւ տարածաշրջանի այլ արիւնահեղութիւններուն համար»: 2011 թուականին, Վահագն Խաչատրեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւն մը ներկայացնող անհատ գործիչ մըն էր, եւ իր բացարձակ իրաւունքն էր ունենալու եւ արտայայտելու սեփական, կամ, իր ներկայացուցած քաղաքական միաւորի տեսակէտները ու կեցուածքները: Սակայն այսօր, ան փաստօրէն ՀՀ ապագայ նախագահն է, հետեւաբար, առնուազն ունի բարոյական պարտաւորութիւնը, Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար պաշտօնապէս յայտարարելու, եթէ կը շարունակէ մնալ շուրջ տասը տարի առաջ արտայայտած իր տեսակէտներուն վրայ: Մինչ այդ, նկատի առնելով խնդիրին ստացած հանրային լայն հնչեղութիւնը, անհրաժեշտ կը համարեմ կատարել քանի դիտարկումներ՝ շեշտերը տառերուն վրայ դնելու համար: Վահագն Խաչատրեան, կամ որեւէ այլ անձնաւորութիւն, իրաւունք չունի արտայայտուելու համայն հայութեան անունով, առաւել եւս, ան իրաւունք չունի արտայայտուելու ազգային – ազատագրական պայքարի ռահվիրայ կազմակերպութեան՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ (ԱՍԱԼԱ)-ի անունով: Հայ ժողովուրդը՝ ոչ ոքէն, նամանաւանդ Թուրքիայէն, ներողութիւն խնդրելու քաղաքական, իրաւական կամ բարոյական պարտաւորութիւնը չունի՛ եւ չի՛ կրնար ունենալ, ընդհակառակը, յատկապէս Թուրքիան, հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, դատապարտելու եւ հայ ազգի անկորնչելի իրաւունքները հատուցելու անժամկէտ պարտաւորութիւնը ունի՛ եւ պիտի՛ ունենայ: ԱՍԱԼԱ-ի պայքարի գերագոյն նպատակը՝ հայապատկան բռնագրաւեալ հողերու ազատագրութեան համար է՛ր եւ է՛, հայկական ազգային ինքնութեան պահպանութեան եւ պատմական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար է՛ր եւ է՛, այսինքն, մեր ազգի, իր պատմական հայրենիքին մէջ գոյատեւելու, զարգանալու եւ յաւերժանալու համար է՛ր եւ է՛, իսկ այդ նպատակի իրականացման համար, հնարաւոր եւ ձեռնտու բոլոր միջոցներու օգտագործումը, ազգերու պատմութեան մէջ արդարացուած է՝ թէ՛ պատմականօրէն, թէ՛ քաղաքականօրէն եւ թէ՛ իրաւականօրէն: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայիս իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը, իր առաջնորդով հանդերձ, պարտաւոր է ճանչնալու եւ ընդունելու հայ ազգի իրաւունքներու կարմիր գիծերը, որոնցմէ որեւէ շեղում կամ հրաժարում, պէտք է ըլլայ անընդունելի եւ անհանդուրժելի բոլորին համար, այլապէս, եթէ շարունակուին, բացայայտ կամ քօղարկուած, հրապարակաւ կամ կուլիսներու ետեւ, մեր պատմական իրաւունքներէն հրաժարուելու դատապարտելի գործընթացները, լուրջ մտավախութիւն ունիմ, որ համայն ազգը պիտի թեւակոխէ՝ համատարած պառակտման, խոր հիասթափութեան եւ հաւաքական կամքի ջլատման տաժանելի եւ կործանիչ հանգրուան մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին