Հինգշաբթի, 26. 06. 2025

spot_img

Բարերար Պարոն Ռաֆֆի Մանուկեան 640 Միլիոն Լ.Ո. Կը Նուիրէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով վարժարանը առանձնաշնորհումը կ՛ունենայ արժանանալու լոնտոնաբնակ պրն. Րաֆֆի Մանուկեանի նեցուկին եւ աջակցութեան։ Պրն. Մանուկեան երկար տարիներու պատմութիւն ունի` հովանաւորելու հայ աշակերտներն ու դպրոցները Լիբանանի մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Արդարեւ, ընթացիկ տարեշրջանին համար, պրն. Մանուկեան 640 միլիոն լիբանանեան ոսկի տրամադրեց Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին: Այս դրամաշնորհը կը ծածկէ 202 ուսանողներու կրթավճարին երկու երրորդը:

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը վարժարանի ուսանողներուն հետ միասին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերարին այս օգնութեան համար, որուն նշանակութիւնը մեծ է յատկապէս Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ։

Տնօրէնութիւն
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին