Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

ՀՀ Իշխանութիւնները Չունին Համայն Հայութեան Մանդատը

Տեսանկիւն

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացք առած են առանց պայմանի բանակցութիւններ, մինչ Թուրքիոյ պաշտօնակատարներու կողմէ, տակաւին առկայ է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի հերքումը:

Հայ ժողովուրդը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, իր բարեկամ անհատներով եւ պետութիւններով մէկտեղ, աւելի քան դարէ մը ի վեր կը հետապնդէ ու կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որուն պատմական փաստը տակաւին կ՛անտեսուի Թուրքիոյ կողմէ:

Հակառակորդ կողմերու միջեւ բանակցութիւններու գաղափարը տեսականօրէն ողջունելի ըլլալով հանդերձ, հերքումի քաղաքականութիւնը բանակցութիւններու մեկնարկի նախօրէին եւ անկէ վերջ տակաւին շարունակող Թրքական կողմին վերաբերմունքը անընդունելի է: Նոյնքան անընդունելի են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին ու անկէ բխելիք պահանջատիրութեան մասին պաշտօնական Հայաստանի կրաւորական յայտարարութիւնները:

Ստորագրեալս, կը հաւատայ, որ համայն հայութիւնը, եւ ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւնները, կը մնայ ժառանգորդն ու իրաւատէրը Ցեղասպանութեան, մինչ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը զօրավիգ է ապրելէ ու սերնդագործելէ զրկուած ու իր պապենական հողերէն տեղահան եղած հայութեան՝ իր հողերուն վրայ ապրելու եւ ստեղծագործելու Մարդու եւ Մարդկային տարրական իրաւունքներուն:

Հետեւաբար ամէն հայ անհատ, որ երկրի մէջ որ ալ բնակութիւն հաստատած ըլլայ ան, ինչպէս միջազգային ընտանիքի անդամ իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ մարդ, իրաւունքն ու պարտականութիւնը ունի հետապնդելու Հայկական Ցեղասպանութեան խնդիրը, մինչեւ անոր ամբողջական ճանաչման եւ արդար լուծման հանգրուանի իրագործումը:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ կրկնակի անագամ կը հաստատեմ, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները չունին համայն հայութեան մանդատը, շրջանցելու համար Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան անյապաղ ճանաչման եւ մարդկային խիղճին հետ անմիջականօրէն առնչուող յոյժ կարեւոր պայմանը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին