«Սահմանք քաջաց զէնն իւրեանց» (քաջերու սահմանները, իրենց զէնքի ուժին մէջն են) հաստատած է մեր պատմահայրը՝ Խորենացին:
Իսկ մինչ սահմաններն են, որոնք կը բնորոշէն գերիշխան երկիր մը, ապա՝ անոր հզօր բանակի առկայութիւնն է, որ ամուր կը պահէ երկիրը:
Յունուար 28-ն Հայոց Բանակի օրն է: Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին երբ ունեցած ենք հզօր բանակ, եղած ենք աշխարհակալ պետութիւն եւ տարածաշրջանային կարեւոր խաղացող, իսկ երբ տկարացած է մեր բանակը՝ կորսնցուցած ենք հողեր ու կրճատուած են մեր սահմանները՝ տկարացած է հայրենիքը:
Թշնամին քաջ գիտէ, որ առանց բանակի ժողովուրդը շատ հեշտ է ճզմել, սուրէ անցնել ու զաւթել անոր հողերը: Ի զուր չէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրէին թուրքին առաջին գործը եղաւ չէզոքացնել հայ երիտասարդութիւնը ու զինաթափ ընել ժողովուրդը:
Մենք կը հաւատանք Հայոց Բանակի հզօրութեան ու անոր մարտունակ ըլլալու գերկարեւորութեան: Մեր պետութեան գոյատեւութեան երաշխիքը անոր մէջն է, որ կը տեսնենք:
Զօրավար Անդրանիկի ընտրած ուղին էր ճիշդը: Ան նախորդ դարասկիզբին հաւատաց զէնքի ուժին եւ իր սերնդակից քաջերուն հետ, անձնական օրինակով մարտնչեցաւ թշնամիին դէմ պահելու երկիրը եւ փրկելու հայ ազգը: Փաստն ալ այն է, որ կրաւորական ու պարտուողական բանակցութիւնները չեն, որ մեզի այսօր մեր դարաւոր Հայրենիքէն մնացած այս վերջին կտորը պահեցին: Այլ՝ անդրանիկներու բազուկն ու զէնքը եւ Սարդարապատը…:
Մենք կը հաւատանք, որ 44-օրեայ պատերազմին,
ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ ՉՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ: 44-օրեայով ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՉԱՒԱՐՏԵՑԱՒ:
Կեցցէ՛ Հայոց Բանակը:
Ի Դիմաց՝