Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը Այցելեց Համայնքային Կեդրոններ

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչականներ, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկ. Անահիտ Տանձիկեանի, Հինգշաբթի 20 Յունուար 2022֊ի առաւօտեան, այցելեցին Լիբանանի երկու հայ համայնքներու կեդրոններու տնօրէնութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան այժմէական զանազան նիւթերու շուրջ.

1. Պուրճ Համուտի Հայ Տարեցներու Տուն, ուր կը խնամուին հարիւրէ աւելի տարեցներ ամենայն խնամքով։ Ընդունուեցան հաստատութեան տնօրէն՝ վերապատուելի Սեպուհ Թերզեանի կողմէ:

2. Պուրճ Համուտի Լիբանանի Հայ Օգնութեան Խաչի Լ.Օ.Խ. «Արաքսի Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոն», ուր զիրենք ընդունեց՝ տնօրէնուհի Տիկ. Նազելի Աւագեան:

Այս առիթով անոնք փոխանցեցին իրենց նուիրատուութիւնը, ժողովուրդին անսահման կարիքներուն ի տես՝ Լիբանանի տնտեսական սուր տագնապին իբրեւ օժանդակութիւն եւ մաղթեցին բարեբեր օրեր Մայր Հայրենիքին եւ Լիբանանին։

Նշենք, որ Երեքշաբթի 18 Յունուար 2022֊ի առաւօտեան, Համախմբումը նաեւ այցելած եւ  խորհրդակցութիւններ ունեցած էր.

  1. Պուրճ Համուտի Յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու Զուարթնոց կեդրոն, հանդիպելով տնօրէն Տիկ. Վարդի Օհանեան Գէորգեանի հետ:
  1. Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Նարեկ Տիրամօր ընկերային բժշկական կեդրոն եւ հանդիպած պատասխանատու՝ Տոքթ. Կոստան Եափուճեանի հետ:

Այս առիթով անոնք նոյնպէս փոխանցած էին իրենց նուիրատուութիւնը՝ վերոյիշեալ նոյն ազնիւ նպատակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին