Երկար բացակայութենէ ետք, յառաջիկայ Երկուշաբթի առաւօտեան նախարարաց խորհուրդը նիստ մը պիտի ունենայ:
Անցեալ Հոկտեմբերէն ի վեր այս պիտի հանդիսանայ առաջին նիստ պիտի գումարէ:
Շուրջ երեք ամիս տեւած քաղաքական փակուղին ալ աւելի սրած էր երկրին մէջ տնտեսական ճգնաժամը։ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը յայտարարեցին նիստերու պոյքոթին վերջ տալու պատրաստակամութեան մասին։
Կառավարութեան հաստատման կը սպասէ մասնաւորապէս ազգային պիւտճէն, տնտեսական փրկութեան ծրագիրը: Լիբանանը տեւական ժամանակ է չի կրցած յաղթահարել ծանր տնտեսական ճգնաժամը, որու հետեւանքով երկրի բնակչութեան մօտ 80 տոկոսը կ’ապրի աղքատութեան մէջ, ազգային տարադրամը արժեզրկուած է աւելի քան 90 տոկոսով:
Երկու խումբերը կը պոյքոթէին 18 ամսուայ բացակայութենէ ետք դժուարութեամբ կազմուած նախարարաց խորհուրդի նիստերը՝ ի պատասխան դատաւորի որոշման, որուն յանձնարարուած է հետաքննել 2020 թուականի Օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը։ Աւելի քան 200 մարդու կեանք խլած ողբերգական միջադէպին հանգամանքները աւելի քան մէկ տարուայ ընթացքին դեռ չեն բացայայտուած։
Դատաւոր Թարէք Պիթարը կը փորձէր այդ գործով հարցաքննել խումբ նախկին պաշտօնեաներ։ Պիթարի ջանքերը, սակայն վիճարկուած են դատական հայցերով, Հըզպալլան եւ Ամալը զայն կը մեղադրեն հետաքննութիւնը քաղաքականացնելու մէջ:
Երկուշաբթի, օրը սակայն նաեւ պիտի յատկանշուի կարեւոր իրադարձութեամբ մը: Ըստ յայտարարուածին, նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր որոշումը պիտի յայտարարէ ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան մասին: