Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Արամ Ա. Վեհափառը Ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութեան Պատուիրակութիւնը

Շաբաթ, 15 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը: Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց վարչութեան վերընտրեալ ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկ.հիներ Ճէքի Տէրվիշեան (ատենադապիր), Կարին Աւետիքեան եւ ընկ.ներ Սեդրակ Քիւրէճեան (գանձապահ), Արա Թերզեան (հաշուապահ) եւ Վահէ Արթինեան:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի Տարի»ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։

Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ յիշեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, յատկապէս սփիւռքահայ կեանքին մէջ, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի եւ շեշտեց անոր ներքին միութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ Վեհափառ Տիրոջ տեղեակ պահելու ՌԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցող միասնականութեան եւ վերամիաւորման շունչով տեղի ունեցող նորութիւններու մանրամասնութիւններուն, որ դրսեւորուեցաւ ՌԱԿ-ի Միասնականութեան Նախաձեռնող Ղեկավարներու Համախմբումին «ՌԱԿ-ին Միասնականութեան Պահը Հնչած Է Արդէն» կոչով: Ընկ. Յակոբեան շեշտեց, որ այս կոչը անաչառ եւ բարիին միտող կոչ մըն է, որուն չընդառաջելը լուսանցքի վրայ պիտի պահէ խնդրոյ առարկայ մարդիկը:  Իսկ ինչ կը վերաբերի կուսակցութեան ներլիբանանեան երկուութեան դրութեան, ընկ. Յակոբեան պարզեց, որ «նշանակովի» վարչութիւն հասկացողութիւնը անհարիր է ՌԱԿ-ի գաղափարախօսութեան ու դաւանանքին հետ եւ հետեւաբար՝ ապօրինի,  մինչ ՌԱԿ-ի ընտանիքի Լիբանանի օրինական կառոյցները՝ Թէքէեան Կեդրոնը, Վահան Թէքէեան Վարժարանը, ՌԱԿ-ի ակումբներն  ու կուսակցութեան ԶԱՐԹՕՆՔ պաշտօնաթերթը կը գործեն սոյն հանդիպման ներկայ եղող ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութեան հետ համահունչ եւ անոր հովանիին ներքոյ:

Ընկ. Յակոբեան Արամ Ա. Վեհափառին ուշադրութեանը յանձնեց, որ Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնը հակառակ այն փաստին, որ իր աշխահարգարական դիրքին պատճառով ամենաշատ վնասը կրեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, մինչեւ օրս օգնութիւն չստացաւ այս խնդրով կազմուած՝ Լիբանանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանին հովանիին տակ գործող «Վերականգնումի Մարմինին» կողմէ:

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի Խորհուրդին կազմութեան համար եւ մաղթեց, որ ան խթան կը հանդիսանայ ՌԱԿ-ի բոլոր կառոյցներուն վերամիաւորման:

«Զ.»
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին