Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Հերթական Ապիկարութի՞ւն, Թէ Ցեղասպանութեան Հերքումին Հանդուրժողական Մօտեցում

Ցեղասպանութիւն մը  կը յատկանշուի հետեւեալ գործընթացով. ծրագրաւորում, գործադրութիւն եւ ապա հերքում՝ ձերբազատուելու համար այդ զազրելի արարքին  հետեւանքներէն: «Բնականաբար» այսպէս կը վարուին ցեղասպանութիւն գործած բռնապետերը, իշխանաւորները, վարչակարգերը կամ խմբաւորումները:  Մինչ ցեղասպանութեան ենթարկուած հաւաքականութիւն մը կամ ազգ մը ամէն բան կ՛ընէ նախ ապացուցանելու ցեղասպանութեան փաստը, որպէսզի կարողանայ մեղադրանք ներկայացնելով հատուցում պարտադրել ցեղասպանին: Հետեւաբար հետ ցեղասպանութեան մը պայքարը երկու կողմերուն միջեւ կը տարուի հերքումին ու անոր դէմ տարուող աշխատանքներուն միջոցաւ:

Այս հակիրճ սահմանումը կարեւոր էր անցնելու այսօրուայ հիմնական թեմային.

Նախորդող Ուրբաթ՝ 14 Յունուար 2022-ին ծայր առին այսպէս կոչուած  Հայ-թրքական բանակցութիւններ: Բանակցութիւններու նախօրէին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ. «Հայաստանը կ’ակնկալէ, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան գործընթացի արդիւնքով դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ կը բացուի երկու երկիրներու միջեւ սահմանը»: Մինչեւ հոս, ո՛չ անպայմանօրէն համամիտ ըլլալով հանդերձ քննարկելի սոյն գաղափարին հետ,  կարելի է հասկնալ նպատակը:   Սակայն այն ինչ, որ լիովին անհասկնալի է մեզի համար հայ նոյն պաշտօնակատարին յայտարարութեան շարունակութեան մէջ ընդգծուած հետեւեալ միտքն է. «…Հայկական կողմի տպաւորութեամբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյնպէս կը կիսէ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը»։ Այսինքն՝ հայկական կողմը, ո՛չ միայն ամէն գնով համաձայն է այլապէս ալ համահայկական մակարդակով խնդրայարոյց գաղափար հանդիսացող բանակցութիւններու նստիլ, այլ նաեւ կերպով մը գոհ եւ ուրախ է, որ թրքական կողմը «բարեհաճած» է ընդունիլ «առանց նախապայմաններու» բանակցութիւններու նստիլ: Անհաւատալի չէ՞ այս կրաւորականութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի է թարգմանել այս երեւոյթը: Հայաստանի իշխանութիւններուն հերթական ապիկարութի՞ւնն է սա, թէ թրքական հերքումը ջատագովող կամ անոր ջաղացին ջուր հասցնող վերաբերմունք:

Յետ-ցեղասպանութեան թուրքին եաթաղանէն մազապուրծ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ի հեճուկս թուրքիոյ, ամէն բան ըրաւ աշխարհին ապացուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Իր բնակած կամ Հայ ժողովուրդին բարեկամ տասնեակ երկիրներէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդարօրէն կորզեց: Թուրքին ձեռքով սպաննուած 1.5 միլիոն Հայ անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը կառուցեց: Այս բոլորը, որպէսզի Հայաստանի իշխանութիւնները այսօր ո՛չ միայն ցեղասպանութիւն գործադրած կողմին հերքումը վերացնելու տարրական նախապայմանը չունենան նստելու համար բանակցութեան սեղան, այլ՝ գոհ ըլլան որ ցեղասպանութիւնը գործադրած թշնամին «ազնուաբար» կը համաձայնի առանց նախապայմաններու բանակցիլ…:

Հակառակ մեր ցասումին, յամենայնդէպս ի՞նչ կարելի է սպասել պարտութեան մը ամբողջական պատասխանատուութիւնը կրող, սակայն տակաւին իշխանութեան վրայ մնալ յամառող  կողմէ մը: Ի՞նչ կարելի է ըսել այն մարդոց, որոնք ականջալուր են Թուրքական Aydinlik–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, Թալէաթ Փաշա միութեան նախագահ` Հասան Քորքմազջանի յայտարարութեանը, թէ Հայաստանը պէտք է անմիջապէս կատարէ հետեւեալները.

  1. Իրականացնէ 2020—ի Նոյեմբերի 9–ին ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները։
  2. Պէտք է յարգէ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ յայտնէ անոր  մասին։
  3. Հայաստանը պէտք է հրաժարի «ցեղասպանութեան պնդումներէն»։
  4. Պէտք է վերջ դնէ Թուրքիոյ դէմ թշնամանքին եւ  քանդէ Շիրակի մարզին մէջ տեղադրուած Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանը:

Ի՞նչ պէտք է յուսալ վերոյիշեալ պայմաններով Հայ ժողովուրդին հողային պահանջատիրութիւնը չէզոքացնել փորձող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը յաւերժացնելու միտումով թշնամիին հետ առանց տարրական պայմաններու բանակցելու գացող կողմէն, որ ըստ երեւոյթին ապիկարութեամբ, թէ դիտաւորեալ պատրաստակամ  է ամէն բան տալ, յայտնի չէ, թէ  ի՛նչ ստանալու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին