Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Ուրախութեան Աւետիս՝ Փոփոխութեան Աւետիս

 «Մի վախնաք,  վասն  զի  ահա  ես  ձեզի մեծ ուրախութեան  աւետիս  մը  կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ: Վասնզի  այսօր  ձեզի   Փրկիչ  մը  ծնաւ  Դաւիթի քաղաքին մէջ՝ որ Օծեալ Տէր Է:»

                                                                                                                               Ղուկ. 2.10-11

Այս մեր օրերուն՝ դժուար է մտածել թէ ուրախութեան առիթ կրնայ ըլլալ մեզի համար:  Վախը աւելի իրական է մեր ապրած այս երկիրներուն մէջ՝ քան ուրախութիւնը:  Եւ՝ իրական է ա՛յն, թէ՝ դժուարութիւն ունինք հաւատալու մեր օրերուն մեջ՝ թէ մեզի խոստացուածները կ» իրականանան եւ մենք կ’ուրախանանք:

Այսօրուան եւ վաղուան մտահոգութիւնները մեզ կ’ընկճեն եւ ոչ մէկէն կ’ակնկալենք մեզ ուրախացնելու կարող եղող խոստում մը, կամ կարգադրութիւն մը:  Այս վիճակին հասած ենք, քանի որ կը տեսնենք թէ մեր շուրջ՝ ճշմարտութիւնը կը խեղադիւրուի, արդարութիւնը կը կաշկանդուի, իրաւունքը կը սակարկուի, հոգատարութիւնը կը վաճառուի, ապահովութիւնը կը կորսուի, բաժնեկցութիւնը կը չարաշահուի եւ յոյսը կը չքանայ:  Իշխանամոլութեան, արծաթասիրութեան եւ ընչաքաղցութեան անկուշտ հրէշներ յառաջ կու գան, որոնց դէմ հանդիման կը գտնենք մենք մեզ. եւ՝ կը սեպենք թէ անկարող ենք դուրս գալու ստեղծուած անելէն:

Իրական դարձած է մտայնութիւն մը, թէ՝ կամ կը հաշտուինք կացութեան հետ եւ կ’ենթարկուինք անոր սկզբունքներուն, կամ ալ՝ կը յուսահատինք ու կը լքենք ամէն ինչ ու կը «փախչինք»:  Կը համոզենք մենք մեզ թէ՝ կարելի չէ որեւէ բան փոխել մեր վիճակներէն, մինչ մեր պարտականութիւնն է աշխատիլ որ այդ վիճակները փոխուին դէպի «բարին, գեղեցիկը, լաւը»:

Այսպիսի վիճակի մէջ էր աշխարհը նաեւ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ատեն՝ երբ կը յայտարարուի հրեշտակին «Մեծ Ուրախութեան Աւետիս»ը.  «Այսօր ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ… որ Օծեալ Տէր է»:  Ու մենք դարձեալ կ’երգենք, կ’աղօթենք.-

                        «Ով Սուրբ Մանուկ Բեթլեհէմի, իջիր մեզի այսօր,

                        Թող սկսի մեր մէջ նոր կեանք, Ծնունդդ նոր, հզօր:»

Այսպիսի վիճակներ փոխել անկարելի է՝ այս աշխարհի սկզբունքներուն հիման վրայ:  Այդ սկզբունքներն են որ պատճառած են, յառաջ բերած են այս վիճակները, որոնց մէջ կը տուայտին մարդկութիւնն ու մարդկայնութիւնը, եւ այդ սկզբունքները չեն փափաքիր փոխել որեւէ բան:  Իսկ «Բեթլեհէմի Մանուկ Փրկիչին» բերած փրկութիւնը կ’արտայայտուի, «Երկինքի բարձրութեան մէջ՝ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ՝ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ՝ հաճութիւն» կարգախօսով:  Այսինքն, ոչ թէ աշխարհը կը սկսի փոփոխութեան գործընթաց մը, այլ մենք, որ մեր յոյսը դրած ենք Փրկիչ Մանուկին վրայ:  Եւ այո, փրկութեան համար անհրաժեշտ փոփոխութիւնը մանուկներով կը սկսի, քանի որ անոնք են որ ունին «նոր կարելիութիւնները» աշխարհը փոխելու:  Իսկ, ո՞վ ժամանակ ունի սպասելու որ «Փրկիչ Մանուկ»ը մեծնայ եւ Իր փրկութիւնը ի գործ դնէ:  Ա՛ն որ չէ յուսահատած կեանքէն. ա՛ն որ կը հաւատայ թէ կարելի է որ ի՛նք, այդ սպասման մէջ եղող այդ մարդը փոխուի նոր յոյսով, նոր՝ վերստին ծնունդով, ինչպէս «Բեթլեհէմի Մանուկը» սորվեցուց Իր կեանքով, մահով եւ յարութիւնով:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

                                               Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

Յունուար, 2022
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին