Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Փոլ Ֆարաճեան

Փոլ (Պօղոս) Ֆարաճեան, (1910, Հաճըն, Կիլիկիա – 8 Յունուար 1979, Նիքէա (Քոքինիա) Յունաստան)․ հայազգի լուսանկարիչ։  Եղած է «Լուսանկարիչներու Համայունական Միութեան» հիմնադիրներէն եւ նախագահ «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան»։

Փոլ (Պօղոս) Ֆարաճեան, ծնած է 1910-ին Հաճըն, Մանուկ եւ Ալթուն (ծնեալ Շինիկեան) Ֆարաճեաններուն ընտանեկան բոյնին մէջ։  Փոքր Ասիոյ աղէտի օրերուն, ընտանիքը, ինչպէս մնացեալ քրիստոնեայ բնակչութիւնը, ֆրանսական բանակներու օգնութեամբ Ատանա կը փոխադրուի ու անկէ նաւով՝ Փիրէա։  Փոլին ընտանիքը կը հաստատուի Փիրէայի մերձակայ Լիբազմա (Տրափեցոնա) գաղթակայանը։

Պատանի Փոլ կը յաճախէ Լիբազմայի Ամերիկեան նախակրթարանը․ առաջին շրջանաւարտներէն կ՛ ըլլայ։  Ուսումը կը շարունակէ Սելանիկի «Անաթոլիա» ճեմարանը (գոլէճ), սակայն կիսատ կը ձգէ․ կը ստիպուի իր ընտանիքին ապրուստը հոգալ։ 

1927-ին, կը փափաքի լուսանկարչութեան արուեստը սորվիլ։  Մօտաւորապէս երկու տարի կ՛ աշակերտէ Փասքուալէ Սթելա լուսանկարիչին (Յունաստանի թագաւորական ընտանիքին լուսանկարիչը եղած է) մօտ, Փիրէա։  1929 – 1936 կ՛ աշխատի զանազան լուսանկարչատուներու մէջ։  Լուսանկարչութեան հանդէպ ունեցած սէրը, զայն կը ներշնչէ ու կը մղէ սերտել եւ մասնագիտանալ տեսողական արուեստին։  1937-ին կը բանայ իր անձնական լուսանկարչատունը, Նէա Քոքինիա (Նիքէա), Բողոց 8 (այժմ Փանաղի Ցալտարի բողոց) թիւ 140, ուր կը գործէ մինչեւ իր մահը։

Լուսանկարիչի գործին զուգահեռ, ազատ ժամերուն, Քոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբի (տե՛ս Քոքինիոյ հայկական գաղութը) բեմէն հանդէս կու գայ զանազան դերերով տարբեր թատերախաղներու մէջ։  Ինչպէս նաեւ, բազմաթիւ առիթներով նոյն բեմէն կ՛ ասմունքէ։

1941-ին, կը մահանայ Փոլին հայրը՝ Մանուկ եւ ընտանիքը Նիքէա կը փոխադրուի։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, գերմանական գերութեան տարիներուն, Փոլին լուսանկարչատունը գրագէտներուն եւ արուեստագէտներուն ժամադրավայրը կը հանդիսանայ։  Սերտ կապեր կը հաստատէ նկարիչ ու դերասան Միխալիս Նիքոլինաքոսին,  բանաստեղծ ու դերասան Եորղոս Մեցոլիսին եւ Աթինոտորոս Փրուսալիս դերասանին հետ։  Լուսանկարչատունը կը յաճախեն նաեւ գրագէտ Սթրաթիս Էւսթրաթեատիս, փորագրիչ-գծագրիչ Տիմիթրիս Թինիաքոս, նկարիչ Գոսթաս Ղունարոփուլոս եւ Քալքանի երաժիշտներու ընտանիքէն անդամներ։  Անոնցմէ շատերուն հետ, Փոլ կը մասնակցի յունական դիմադրութեան, իբրեւ լուսանկարչական բաժնի անդամ։   Փոլ Ֆարաճեան եւ Միխալիս Նիքոլինաքոս, 13 Հոկտեմբեր 1944-ին Նիքէայէն մինչեւ Քերացինիի Ելեկտրականութեան գործարանը ճանապարհին, կը նկարահանեն ու կը տեղեկագրեն գործարանի բանուորներուն եւ Էլաս-ի մարտիկներուն միացեալ կռիւները գերմանական խափանարարական ուժերուն դէմ։

1950-ական տարիներուն, կ՛ աշխատի յունական շարժարուեստի բնագաւառին մէջ․ շարք մը ժապաւէններու լուսանկարիչն է, ինչպէս նաեւ լուսաւորման պատասխանատուն։ Օրինակ՝ «Դառն հացը»:  Կը հետաքրքրուի լուսանկարչական տեսագիտութեամբ։  Այս տասնամեակին է որ հանրածանօթ կը դառնայ «Փոլ» անունով։

1930-ի տասնամեակի վերջերէն, կը հետաքրքրուի ազատ ստեղծագործութեամբ․ արուեստանոցի գեղարուեստագիտական կենդանագիր։  Իր գործերը կը գնահատուին։ Կը մասնակցի համաշխարհային ծաւալի լուսանկարչական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու եւ պատուոյ վկակայականներ կը ստանայ՝ Ռիօ տէ Ժանէյրօ, Պրիւքսէլ, Շարլրուա, Անվերս, Պուտափեշտ, Լայնշեսթր,  Սթոքհոլմ, Վարշաւա, Սան Սեպասթեան եւ Անգոնա։  Լուսանկարչական արուեստին նուիրուած օտար պարբերաթերթեր Փոլին լաւագոյն գործերը կը հրատարակեն, ինչպէս օրինակ՝ «Վերջաբանը», «Երկիւղ», «Տատամսում», «Տեսիլք»։ 

Գործերէն մեծ մաս մը եւ պատուոյ վկայականները կը պահուին ընտանեկան արխիւներուն մէջ։

Լուսանկարչութեան ասպարէզին զուգահեռ, Փոլ Ֆարաճեան կ՛ անդամակցի «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան»:  1966-էն մինչեւ իր մահը, Միութեան նախագահն է։ 

Իր նախագահութեան շրջանին, Փոլ Ֆարաճեան կը նախաձեռնէ ու կը յաջողի միացնել Յունաստանի տարածքին լուսանկարիչներու արհեստակցական միութիւնները եւ դերակատարն է «Արուեստագէտ Լուսանկարիչներու Ընկերակցութեան եւ Օգնութեան Հիմնադրամի Համայունական Միութեան» ստեղծման։   Ան 3․500,00 տրախմի նուիրատուութեամբ կը մասնակցի Լուսանկարիչներու արհեստակցական միութեան նստավայրի անշարժ գոյքին գնման համար։

1938-ին կ՛ամուսնանայ Քոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի ուսուցչուհի Ալիս Աշիկեանին հետ։  1940-ին կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը՝ Մանուէլ–Շահան։ 

8 Յունուար 1979-ին, կը մահանայ։  Յուղարկաւորութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան» անդամներ, որոնցմէ երեք հոգի դամփանականեր կը խօսին։

29 Յունուար 1979-ին, «Փիրէայի Գեղարուեստ Լուսանկարիչներու Արհեստակցական Միութեան» համագումարին, յետ մահու Փոլ կ՛ անուանուի Միութեան Պատուոյ Նախագահ ու ոսկի մետալը կը յանձնուի իր այրիին՝ տիկին Ալիս Ֆարաճեանին։

Նոյն համագումարին ընթացքին, Միութեան գրասենեակը կ՛ անուանուի «Փոլ Ֆարաճեան Սրահ»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին