Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին եւ նախավկային՝ Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով, Կիրակի, 26 Դեկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ
Հանդիսապետութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Ս. Պատարագի աւարտին, սարկաւագաց տօնին առիթով, Դպրեվանքի սարկաւագները գեղարուեստական յայտագիր մը պիտի ներկայացնեն Վեհարանի դահլիճէն ներս, ապա Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը պիտի ուղղէ։
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները աղօթակից դառնալու Դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն։
Նշենք, որ Ս. Պատարագը ուղիղ պիտի սփռուի Կաթողիկոսարանի CiliciaTV-ի Facebook-ի եւ YouTube-ի էջերէն։