Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Նախատօնակ՝ Ս. Յակոբի Տօնին Առիթով

Օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին մասունքը դուրս բերուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։

Արդարեւ, Ուրբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2021-ին, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, կատարուեցաւ նախատօնակը սրբոցն Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին, մասնակցութեամբ վանաբնական եպիսկոպոսներու եւ միաբան հայրերու։Նախատօնակի սկզբնաւորութեան, լուսարարապետ սրբազան հայրը, Ս. Խորանէն վար բերելով Ս. Յակոբի մասունքը՝ զետեղեց Մայր Տաճարի ատեանին մէջտեղ, ուր միաբան հայրեր Ս. Աւետարանն ու Ս. Խաչը համբուրելէ ետք, նաեւ ստացան սուրբին օրհնութիւնը՝ խնդրելով անոր բարեխօսութիւնը Աստուծոյ Միածին Որդիին մօտ, որպէսզի անոնք եւս իրենց ծառայութեան մէջ Ս. Յակոբի նման ըլլան հաստատակամ, իսկ հաւատքի առաքելութեան մէջ՝ ամրակուռ։Յայտնենք, որ սուրբին մասունքը Մայր Տաճարին մէջ պիտի մնայ մինչեւ Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 05։00։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին