Տեսանկիւն
Ֆրանսայի նախկին նախագահ՝ Նիքոլայ Սարքոզիի հետ հետաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի նոյնիսկ անոր դատապարտումէն ետք:
Ամերիկայի նախկին նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփի եւ որդւոյն հետ հետաքննութիւն սկսած է: Անոնք մէկ ժամ հարցաքննուած են հարկերէ խուսափելու մեղադրանքով:
Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերդը փտածութեան վերաբերող իր պատիժը բանտարկութեամբ կրած է։
Վերոյիշեալները հրատապ նորութիւններ չեն սակայն։ Այսօրուայ այս սիւնակով տրուած «Հրատապ լուր»-ին մէկը այն է, որ Լիբանանի մէջ 400 միլիար տոլարի շոգիացումէն երկու տարի ետք (գումար մը, որ հաւասար է մի քանի երկիրների ազգային արդիւնքի գումարին հաւաքաբար) տակաւին ոչ մէկ կալանաւոր կայ այս խնդրով…։ ։
«Հրատապ լուր»-ը այն է, որ այնպէս ալ կարելի չեղաւ Լիբանանի մէջ ամբաստանեալ նախարարներ դատելը:
Կեցցէ՛ արդարութիւնը եւ ալալիբանանեան ժողովրդավարութիւնը:
«Հրատապ լուր»ը այն է, որ աւելի քան տարի մը ետք Պէյրութի պայթումին պատճառները եւ անոր պատասխանատուները այնպէս ալ չբացայայտուեցան:
Կեցցէ՛ արդարադատութիւնը անարդարներու երկրի մը մէջ:
«Հրատապ լուր»ը այն է, որ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը երկիրը կրնայ առաջնորդել ընկերային մեծ պայթումի մը, որուն որպէս հետեւանք վերջապէս կրնանք ունենալ երկիր եւ արդարութիւն՝ որ պիտի ծնի անարդարութեան տապալումէն ետք միայն: