Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Պատգամ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 24-րդ Հեռուստամարաթոնին Առիթով
(25 Նոյեմբեր 2021)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Հինգշաբթի Նոյեմբեր 25-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 24-րդ հեռուստամարաթոնը։ Արդարեւ, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան հիմնադրամն է։ Ան Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման ի խնդիր գործող հիմնադրամ է. այլ խօսքով՝ ողջ հայութեան առաւել հզօրացման ու առաւել ծաղկման հիմնադրամ. որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կարեւորութեամբ կը շեշտենք, Հայաստանի հզօրացումը մեր ազգին հզօրացումն է, եւ՝ փոխադարձաբար։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ իւրաքանչիւր հայ իր ներդրումը կոչուած է բերել Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հանգանակութեան՝ զօրավիգ կանգնելով անոր նախաձեռնած բոլոր հայաշէն ու հայրենակերտ ծրագիրներուն։

Ներկայ հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ «Կենսունակ Սահմանային Համայնքներ» խորագիրին ներքեւ։ Հաւաքուած գումարներով պիտի իրագործուին այնպիսի ծրագիրներ, որոնց նպատակը Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն մօտ ապրող համայնքներուն առաւել կազմակերպումն ու բարգաւաճումն է։ Արդարեւ, սովորական ծրագիր մը չէ սա. անոր հիմնական նպատակը սահմանային համայնքներու ամրացումն ու պաշտպանութիւնն է՝ ի խնդիր Հայաստանի անվտանգութեան առաւել ամրապնդման։ Հետեւաբար, ռազմավարական նշանակութիւն ունի նման ծրագիրներու իրագործումը՝ ընկերատնտեսական զարգացման առընթեր։

Այս առիթով, Մեր բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին, որ անցնող տարուան ընթացքին իր յատկացուցած գումարներով կարեւոր նպաստ բերաւ մեր վիրաւոր զինուորներու բուժման, արցախցիներու յատուկ բնակարաններու շինութեան, համայնքներու կրթական ու տնտեսական կեանքի ծաղկման եւ յարակից այլ ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ընկերատնտեսական տագնապի մէջ գտնուող Լիբանանի հայութեան։ Վստահ ենք, որ նման ծրագիրներ առաջնահերթութեան կարգով պիտի շարունակեն միշտ յատուկ տեղ գրաւել Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի առաքելութեան ծիրէն ներս։

Հետեւաբար, անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակներուն. գործնապէս մասնակից դառնալու բազմաթիւ ու բազմազան տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուող մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան, անվտանգութեան ու գերիշխանութեան նպաստող ծրագիրներու իրագործման։

Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը եւ մեր ժողովուրդին կեանքը լեցնէ երկնային բարիքներով։

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին