Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Մոնթէ Մելքոնեան

Մոնթէ Չարլզ Մելքոնեան (25 Նոյեմբեր 1957, Վիսելիա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ – 12 Յունիս 1993, Մարզիլի, Աղտամի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն), արցախեան պատերազմի հայազգի հրամանատար։

Մոնթէ ծնած է 25 Նոյեմբերին, ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիոյ նահանգի, Ֆրէզնօ քաղաքէն ոչ հեռու՝ Վիսելիա աւանին մէջ։

1972-ի ամրան տասնհինգամեայ Մոնթէ Մելքոնեան կ’աւարտէ տեղի միջնակարգ դպրոցը։ 1973-ին՝ մինչ նոր ուսումնական տարեշրջանին վերամուտը, դպրոցի տնօրէն «Տէյվիտ Գրէյմս» կ’առաջարկէ տաղանդաւոր աշակերտին ճամբորդել Ճափոն՝ ուսանելու։

Արտասովոր ընդունակութիւններու տէր, 12 տարեկանէն (այդ տարիքին է, որ ան տեղեկացած է իր հայ ըլլալուն մասին) ծնողներուն հետ 15 ամեայ տղան ճամբորդութիւններ կը կատարէ դէպի Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի 41 քաղաքներ։ Կ’երթայ Արեւմտեան Հայաստան՝ իր պապերուն տունը։ Կ’ուսումնասիրէ 1915-ի  Մեծ Եղեռնի պատմութիւնը։

1975-ին՝ գերազանց գնահատականով կ’աւարտէ «Մաունթ Ուիթնի»ի միջնակարգ դպրոցը։ 20 տարեկանին կ’ընդունուի Քալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանը։ Բացարձակ ընդունակութիւններու տէր՝ ան չորս տարուան դասընթացքը կ’աւարտէ կրկնակի տիտղոսով՝ ստանալով հնագիտութեան եւ ասիական պատմութեան մասնագէտի վկայականներ։ Համալսարան ուսանած տարիներուն կը հիմնէ «Հայ ուսանողական միութիւն»ը եւ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնին։

Մոնթէ իր աւարտաճառը կը նուիրէ Վանի թագաւորութեան, ժայռափոր դամբարաններու ուսումնասիրութեան եւ կը պաշտպանէ զայն 1978-ին։ Կ’արժանանայ կրթաթոշակի՝ Օքսֆորտ համալսարանի դոկտորականը պաշտպանելուն համար։ Սակայն Մոնթէ Անգլիոյ փոխարէն կ’երթայ Արեւմտեան Հայաստան՝ Վասպուրականի ժայռափոր դամբարանները եւ կացարանները չափագրելու եւ ուսումնասիրելու համար։

1978-ի աշնան կը մեկնի Իրան, ապա Լիբանան՝ մասնակցելու Պէյրութի հայ համայնքի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն։ 22 տարեկանին արդէն լիովին կը տիրապետէր անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն,  իտալերէն, թրքերէն, պարսկերէն, ճաբոներէն եւ քրտերէն լեզուներուն։

1980-ին կը միանայ «Հայաստանի Ազատագրական Հայ Գաղտնի Բանակին»։ Նոյեմբեր 1981-ին Փարիզի մէջ կը ձերբակալուի՝ Հռոմի մէջ թուրք դիւանագէտին սպաննութիւնը նախապատրաստելուն ամբաստանութեամբ, որուն ժխտումէն ետք, այնուամենայնիւ, կը բանտարկուի կեղծ անձնագիր կրելուն մեղադրանքով։ Քանի մը շաբաթէն ազատ կ’արձակուի։ Երկու տարուան ընթացքին կը դառնայ վերոյիշեալ կազմակերպութեան կարեւոր դէմքը։ Յօդուածներով հանդէս կու գայ Փարիզի «Հայ Պայքար» եւ Լոնտոնի «Կայծեր» թերթերուն մէջ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Սարդարապատ» ամսագիրին, նաեւ անգլերէն շարք մը գիրքերուն մէջ՝ հայոց ազգային հարցերու արդարացի պահանջքին եւ իրաւունքին մասին, որոնք լոյս տեսած են Լոնտոնի մէջ։

1991-ին, բանտէն ազատ արձակուելէն ետք, Մոնթէ կ’անցնի Երեւան, եօթ ամիս կ’աշխատի գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ՝ «Հայաստանը Եւ Հարեւանները» գիրքը գրելու եւ հրատարակելու նպատակով։

Օգոստոսին կ’ամուսնանայ լիբանանահայ ուսանողուհի՝ Սեդային հետ, որուն հետ ծանօթացեր էր Լիբանան գտնուած ընթացքին։ Արցախի ազատագրման պատերազմը սկսելէ ետք, ձգելով գիտական գործունէութիւնը, կը մեկնի Ղարաբաղ՝ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու համար։

Սեպտեմբեր 1991-ին կը հասնի Արցախ, ուր ձեռք կը բերէ «Աւօ» կեղծանունը։ 1992-ին Վազգէն Սարգսեանի առաջարկով կը ստանձնէ Մարտունի շրջանի շտապի պետի պարտականութիւնը, ուր կարճ ժամանակուան մը ընթացքին, իր անկեղծութեամբ ու մաքրութեամբ կը շահի բնակչութեան սէրն ու յարգանքը։ Անոր ղեկավարութեամբ Մարտունին կը դառնայ ամէնէն պաշտպանուած ու ամէնէն մարտունակ շրջանը։ Մարտ եւ Ապրիլ 1993-ին անոր ղեկավարութեամբ կ’ազատագրուի նաեւ Քարվաճառը։ 12 Յունիս 1993-ին, հետախուզական նպատակով, Մոնթէ մարտական ընկերներու հետ կը մեկնի Աղտամի շրջանի Մարզիլի գիւղի մատոյցները, ուր ազրպէյճանական զրահապատ մեքենայի կրակոցէն կը զոհուի։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին