Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան բոլոր կարգերու տիտղոսները շահելէ ետք, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ շահեցաւ Լիբանանի տղոց եւ աղջիկներու անհատական բաժակները:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ, Մոն Լա Սալի մէջ կայացած բաժակի մրցաշարքին մասնակցեցան տարբեր ակումբներ ներկայացնող 189 մարզիկներ եւ 42 մարզուհիներ:

ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութը ներկայացնող Սաատէտտին Հապաշ շահեցաւ տղոց բաժակը, աւարտականին՝ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիլալ Մըխթարը ( Ֆետի Ալ Աքտաս): Աղջկանց բաժակը շահեցաւ Մարիանա Սահակեանը, աւարտականին՝ 3-0 յաղթելով իր ակումբակիցին՝ Թալիա Ազարին:

Այսպիսով, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ արձանագրեց իւրայատուկ մրցանիշ մը, միեւնոյն տարուան մէջ նուաճելով Լիբանանի փոնկ փոնկի ախոյեանութեան տարբեր կարգերու եւ բաժակի տիտղոսները՝ տղոց եւ աղջիկներու:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի համակիրներուն անունով կը շնորհաւորենք ՀԵԸ-ի մարզիկ-մարզուհիները զոյգ յաղթանակներուն առիթով:
ՀԵԸ-ի փինկ փոնկի կազմերուն մարզիչն է Մելիք Ալ Թաուլիլը, վարչական պատասխանատուն՝ Սահակ Պիտինեանը: