Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Գարակէօզեան Հաստատութեան Աշակերտութեան Յատուկ Առողջապահական Ծրագիր

Գարակէօզեան Հաստատութեան «Դպրոցական Առողջապահական Ծրագիր»ի գործունէութեան աշխատանքները, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս սկիզբ առին 15 հոկտեմբեր 2021-ին։

Այս ծրագրին հիմնական նպատակն է, տեսնել աշակերտը առողջ՝  ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան երեսներով, կանխել հիւանդութիւնները եւ առաջքը առնել ապագայ բարդութիւններուն։

Այս իմաստով «Դպրոցական առողջապահական Ծրագիր»ի  տրամադրուած յատուկ բժշկական կազմը սկսաւ այցելել հայկական վարժարանները, աշակերտներուն մատուցելով բժշկական առաջին խնամք՝ կատարելով մարմինի, աչքի եւ ակռաներու ընդհանուր քննութիւն, ինչպէս նաեւ դասախօսական ելոյթներով բժշկական արթնութեան արշաւներ։ 

Նկատի ունենալով, Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները իր քաղաքական եւ ընկերային անկայուն երեսներով, «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած արտակարգ իրավիճակը, մեր ծնողներուն նիւթական խիստ ծանր պայմանները եւ տնտեսական ճնշող մթնոլորտը, որոշեցինք մեր ծառայութեան կարկինը ընդլայնել եւ մեր աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն սպասարկութեան տակ դնել նաեւ հետեւեալ ծառայութիւնները․-

Ա․- Բժշկական խնամք տարբեր մասնագիտութիւններով։

Բ․- Նորածիններէն մինչեւ 18 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու պատուաստում։

Գ․-Աշակերտներու բժշկական ակնոցի հայթայթում։

Դ․- Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մանկավարժական մասնագիտական ծառայութիւն։

Ե․- Մտային առողջութեան հոգեբանական աջակցութիւն։

Զ․- Յետ դպրոցական ժամու սերտարանի ծրագիր՝ ամէնօրեայ դրութեամբ սերտելու իրենց դասերը, մասնագիտացած ուսուցիչներու հսկողութեամբ

Է․-21 տարեկանէն վեր մայրերու անվճար «ապակիի» քննութիւն, եւ 40 տարեկանէն վեր մայրերու mammography-ի քննութիւն։

Ը․-«Քորոնա» ժահրով վարակուած աշակերտներու կամ իրենց պարագաներուն մօտ բժշկական կազմի ուղարկում, ապահովելով նաեւ հիմնական vitamin-ներն ու հականեխիչ դեղերը։

Աշակերտութեան ուղղուած առողջապահական այս ծրագրի կողքին Գարակէօզեան Հաստատութիւնը առողջապահական ծառայութիւնը կը մատուցանէ նաեւ տարեցներուն։ Անոնց բնակարանները բժիշկներ  կ՛առաքուին, ուր հարկ եղած քննութիւններն ու խնամքը կը տրամադրուի իրենց։

Հաւատարիմ մնալով հարիւրամեայ Հաստատութեանս հիմնական նպատակներէն միոյն, Գարակէօզեան հաստատութեան Տնօրէնութիւնը կը ջանայ ամէն գնով բժշկական խնամքը հասանելի դարձնել անխտիր բոլորին, յատկապէս մեր աշակերտներուն։

Հիմնուելով այս սկզբունքին վրայ, մեր կարելին պիտի ընենք միշտ տեսնել մեր ընտանիքները առողջ՝ մարմնով մտքով ու հոգիով։

ԺԱՆԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Գարակէօզեան Հաստատութիւն
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին