Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Ապաշրջափակումը եւ Ներկայ Իրավիճակով Սահմանագծումը՝ Կործանարար Հայաստանի եւ Արցախի Համար

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Խօսք՝ արտասանուած «Հայաստանի Ժողովրդական Շարժում» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ եւ ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի  պատմութեան ինստիտուտի աջակցութեամբ կազմակերպուած  «Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններ. Հայեացք Ներսից» խորագրով միջազգային գիտաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 12 Նոյեմբեր 2021-ին: 

«Ապաշրջափակում», «Բարի Դրացնութիւն», «Խաղաղութիւն». ապահովութիւն ներշնչող ազնիւ բառհասկացողութիւններ են, որոնք նաեւ Քրիստոնեայ մշակոյթի վայել վերաբերմունքներ ալ են:

Սակայն այսօր այստեղ մեր պարագային մեր ազգային պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ ու մեր դառն փորձառութեամբ ժողովուրդի մը համար (եթէ մենք իրապէս տրամաբանութիւն  եւ յիշողութիւն ունեցող ազգ ենք) կայ կարեւոր չըսելու համար գոյութենական (existential) հարցում. Ապաշրջափակում, Բարի Դրացնութիւն,  Խաղաղութիւն, ՈՐՈ՞Ւ ՀԵՏ:

Չէ՞, որ վերոնշեալ բառհասկացողութիւնները երկուստեք պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրեն: Հակառակ պարագային իմաստազուրկ, լաւագոյն պարագային wishful բառերու կը վերածուին ու մահացու` շղթային տկար  օղակին համար, որ այս պարագային գաղտնիք մը չէ, որ այդ օղակը մեր պետութիւնն է: Մենք ենք:

Պահը Աւելի Քան Լուրջ Է երբ կը խօսինք հայ թուրք յարաբերութիւններու մասին, որուն դրական զարգացումը ջատագովող այսպէս կոչուած հայեր ալ կան: Իմ կարծիքով, ընկերատնտեսական ցաւալի կուտակումի մը որպէս արդիւնք ու զայն շահագործած ու պահը (momentum) լաւապէս օգտագործած ու պատմական թիւրիմացութեան մը արդիւնքով, իշխանութեան հասած պետական ամբողջ համակարգ մը կայ:


Ինծի վստահուած այսօրուայ իմ զեկոյցին, որուն համար շնորհակալ եմ կազմակերպիչ կողմին, կարգ մը հորիզոններ բանալու համար, եւ առանց պատմութեան խորերը պեղելու, թոյլ տուէք ակնարկ մը նետենք օսմանեան կայսրութիւնը ժառանգած, այսօրուայ Թուրքիոյ վրայ (մանաւանդ Էրտողանի թուրքիոյ) նկատի ունենալով իր կայսրութեան ատենի մասնիկ՝ արաբական աշխարհի իր հարեւաններուն հետ ունեցած յարաբերութիւնները ու անոնց հողերուն հանդէպ ունեցած նկրտումները:

Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք իրեն սահմանակից եւ իրմէ տարանջատուած պետութիւնը՝ Սուրիան թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակներուն կիզակեդրոնին մէջ եղած է միշտ: Վկայ՝ Անտիոքի Իսկէնտէրունի Սանճաքը (վերանուանուած Հաթայ), որ զաւթուած է օր ցերեկով, սուրիոյ ատենի հոգատար Ֆրանսայի մեղսակցութեամբ: Աւելի ուշ սակայն սուրիոյ անկախութենէն ետք եւ ինչպէս արաբական այլ երկիրներու մէջ շուտով զինուորական երկաթէ իշխանութիւններու հաստատումով թուրքիա աւելի ուշադիր եւ զուսպ դարձած է (ուժերու հաւասարութեան տուեալով) մինչեւ սուրիական տուեալ իշխանութեան տկարանալը: Վկայ հիւսիսային Սուրիան այսօր, ուր անարգել մուտք գործած է Թուրքիան եւ այնտեղէն դուրս գալու միտք չունի ըստ երեւոյթին…:

Իրաքի Սատտամը կրնայ նոյն արգելակիչը հանդիսացած ըլլալ գումարած Իրաքի Թուրքիոյ հետ սահմանակից հիւսիսի քիւրտերը: Լիբանանը, անմիջական սահմանագիծ չունենալով հանդերձ հեռու չէ թրքական նկրտումներէն, ուր կ՛ապրին ոչ արհամարհելի թիւով թրքական ծագում ունեցող շատ մը թուրք ընտանիքներ, որոնք քնած աւանդներն են թուրքիոյ, իսկ Լիբանանի անկախութենէն ետք Լիբանանի Սիւննի համայնքը (թուրքիոյ հետ մրցակից) Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորութեան տակ եթէ չըլլար, թրքական ազդեցութիւնը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար: Թուրքիոյ նկրտումները Իրաքի մէջ թաքուն չեն այսօր իսկ Պաղեստինի Համասը իր ուշադրութենէն շատ ալ հեռու չեն կանգնիր: Նիւթէն շեղած չենք ըլլար, եթէ նշենք Կիպրոսի պարագան եւս չվարանելով վրան գումարել իր միւս հարեւանը՝ Վրաստանը, որ եթէ ո՛չ զինուորապէս այլ տնտեսապէս ու զբօսաշրջիկային ոլորտի առումով եթէ ոչ ամբողջական, բայց մեծ մաշտաբով մասնակի ազդեցութեան տակն է եւ ինչու չէ սեփականութիւնը թուրքերուն:

Ահաւասիկ «բարի դրացի» թուրքիան իր ամփոփ գիծերով ներկայացուած:


Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, բարի դրացիական ապաշրջափակումի վարդագոյն ներկայացմամբ թէ Հայրենիքի գերիշխան տարածքի վրայով Թուրքիոյ զարմիկ Ազրպէյճան կոչուած թշնամիին տրամադրուելիք միջանցքի օրակարգին յառաջ մղումով, մեր հայրենիքին հողային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդին ազգային անվտանգութեան մեծ վտանգ կը սպառնայ:

Հետաքրքրականը այն է, որ միեւնոյն՝ թէական գործընթացին մասին երկու տարբեր անուանում կ՛օգտագործուի: Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները, Սիւնիքը մասնատել միտող այս գործընթացը կ՛անուանեն, իրենց բառապաշարով՝ «կոմունիքացիաների ապաշրջափակում, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները գործընթացը կ՛անուանեն «պատմական   միջանցքի վերականգնում»…: Սկզբունքօրէն աշխարհաքաղաքական երկու տարբեր բառհասկացողութիւններ եւ իրավիճակներ են հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումը եւ պատմական միջանցքի մը վերականգումը…:

Իմ համեստ կարծիքով, Սիւնիքի ընդմէջէն Ազրպէյճանին, ոեւէ անուանումի տակ անցք տրամադրելը ընդհանրապէս ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ է: Ինչ կը վերաբերի մեր ժողովուրդին թշնամի թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի հետ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումին, ապա մենք կը շեշտենք, որ  պատմական ներկայ հանգրուանին այս մասին քննարկելը չափազանց վտանգաւոր է մեր ժողովուրդին համար ու մեծապէս կը հակասէ Հայաստանի ու Արցախի շահերուն:

Բարի դրացիութիւն եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակում մեր եւ թշնամիին միջեւ կարելի չէ կատարել նախ՝  մինչեւ այն ատեն, որ.

Ա. Լուծուած չեն մեր հոգեհարազատ գերիներուն եւ պատանդներուն հայրենադարձման հարցը, ինչպէս նաեւ մեր զոհուած հերոսներուն մարմիններուն ու աճիւններուն Հայրենիք վերադարձը.

Բ. Պաշտօնապէս կարգաւորուած  չէ Արցախի մեր քաջարի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի կենսահարցը.

Գ. Ազրպէյճանի կողմէ ամէն օր կ՛ոտնակոխուին մարդկային իրաւունքները.

Դ. Լուծուած չեն Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան հարցերը.

Ե. Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հայատեաց եւ մեր Հայրենիքին հանդէպ զաւթողական ու յարձակողական իրենց քարոզչութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան կամ ընդհանրապէս տնտեսութեան ոլորտին վերաբերող օրէնսդրութեան կամ անշարժ գոյքի սեփականացման սահմանափակումներուն, ապա մեր ունեցածը այսօր աւելի քան թերի է ու անբաւարար:

Եթէ երկրորդ աշխարհամարտի ոխերիմներ՝ Գերմանիան եւ Ֆրանսան քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական գործակիցներ են այսօր ու բարի դրացնութեամբ տոգորուած ապա  որովհետեւ անոնք նշեալ ոլորտներուն մէջ շատ բան չեն զիջիր իրար: Նոյնը կարելի՞ է ըսել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մասին: Անշուշտ ո՛չ:

Ի՞նչ օրէնքներ ունինք օրինակի համար, որոնք կ՛ապահովեն մեր գիւղատնտեսները, ապաշրջափակմամբ մը մեր շուկաները ողողելիք  թրքական գիւղամթերքին գնային մրցողականութեան դէմ դնելու: Նոյնը՝ արդիւնաբերութեան եւ ճարտարարուեստի պարագային: Ի՞նչ հում մթերք ունինք, որ կ՛ապահովէ մեր գնային մրցողականութիւնը:

Պաթումի, Թիֆլիսի եւ այլ զբօսաշրջիկային վայրերու օրինակով եթէ, թրքական ընկերութիւններ ներխուժեն Հայաստան գնելով, օրինակի համար, Մարիոթ հոթելէն մինչեւ վերջին ճաշարանը, ի՞նչն է, որ պիտի արգիլէ իրենց: Ես գիտեմ, որ օրէնքով օտարերկրացի քաղաքացի մը իրաւունք չունի գիւղատնտեսական տարածք գնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին: Սակայն նաեւ գիտեմ շատ ու շատ արաբական երկիրներու քաղաքացիներ (որոնք՝  դաւադրութեան տեսութենէն անդին եւ վեր, ահագին հեքթարներու տէր են՝ Սահմանափակ Պատասխանատուութեամբ Ընկերութիւններու տիրութեամբ: Այսինքն եթէ օրէնքը կ՛արգիլէ օտարերկրացին մեր երկրէն հսկայ տարածքներ ունենալու ապա նոյն օրէնքին զարմիկը, կ՛արտօնէ ՍՊԸ-ին որքան կ՛ուզէ տարածք գնել, որուն ո՛չ գիւղացին, ո՛չ քաղաքացին, ո՛չ ալ քատասթրը հարցուցած չունի, որ գնորդ ՍՊԸ-ին տէրը կամ տէրերը, որո՞նք են: ԱԱԾ-ն հարցուցած ունի՞ արդեօք: Իսկ ինչ կը վերաբերի թրքական սերիալներով յուզուող մեր հասարակութեան, որքա՞ն մեծ գումար պէտք է անոնց հանդերձ ընտանեօք թրքացնելու համար…:

Վերոյիշեալ պայմաններուն տակ, ուղղակի զարմանալի է անտեսել թշնամիին ցանկութիւնները եւ վարուիլ «Աստուծոյ գառնուկին» օրինակով:


Շատոնց է իվեր յայտնի է, որ Հայաստանի գործող իշխանութիւնը ի վիճակի չէ մեր երկրին շահերը պաշտպանելու հանդէպ Թուրքիոյ,  Ազրպէյճանին, եւ ոչ միայն: Այս իշխանութիւնը 09.11.2020-ին ամօթալի զիջումներու փաստաթուղթէն ալ անդին անցնելով, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով Ազրպէյճանին զիջեցաւ Սիւնիքի մարզի արեւելեան կողմի տարածքները, որոնք հայոց բանակին հսկողութեան տակն էին: Տարածքներ, որոնք Սիւնիքի անվտանգութեան գօտին կը կազմէին: Սոյն իշխանութիւնը այս յաւելեալ զիջումները կատարեց հակառակ այն փաստին, որ վերոնշեալ փաստաթուղթին մէջ յստակօրէն պայմանաւորուածութիւն կար, որ հակամարտութեան մէջ եղող իւրաքանչիւր կողմը պիտի մնար մինչեւ տուեալ թուականը իր ունեցած դիրքերուն վրայ…: Հակառակ այս յարաբերականօրէն մեզի շահաւէտ փաստին, Հայաստանի իշխանութիւնները բան չըրին պահելու համար մեր դիրքերը: Ընդհակառակը, անոնք միաբերան եւ զարմանալի (ոչ անպայման զարմանալի) պահուածքով մը հայկական շատ մը գիւղեր ու շրջաններ իրենց թրքական անուններով սկսան կոչել, ինչպէս Արցախի մէջ, նաեւ Հայաստանի … :

Մենք շուտով ականատես եղանք  Հայրենի Շուռնուխ գիւղի, եւ Որոտանի ճանբուն անհասկնալի եւ անտրամաբանական պատճառաբանութիւններով զիջումներու գործընթացին, որուն որպէս հետեւանք ազրպէյճանական կողմը այսօր կը վերահսկէ, մեզի՝ մեր պապենական Սիւնիքին կապող հիմնական ճանապարհը: Ընդամէնը երկու օր առաջ ՀՀ ապահովական բարձր պաշտօնակատար մը մեզի «աւետեց» որ ազրպէյճանական կողմը մաքսային անցարգելներ տեղադրած է Գորիս – Ղափան ճամբուն վրայ…: Զաւեշտականը այն է, որ նոյն պաշտօնակատարին  թիմակիցները մանկական յոխորտանքով հանրութեան տեղեկացուցին, որ մենք արդէն ունինք այլընտրանքային ճանապարհներ…: Ահաւասիկ այս մակարդակի հասած է մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Մանկապարտէզի մակարդակի յոխորտանքի..: Կը մնայ սակայն հիմնական հարցումը. Ո՞վ իրաւունք տուած է ներկայ իշխանութեան առանց սահմանագծման ու սահմանազատման տարածքներ նուիրել թշնամիին: Որո՞ւ հրամանով ոտնձգութիւններ կը կատարուին ՀՀ ինքնիշխան տարածքի վրայ, երբ միջազգայնօրէն ճանչցուած գործընթաց չկայ: Ըստ ՀՀ սահմանադրութեան, սահմաններու հարց կարելի է, որ քննարկուի միայն հանրաքուէով…:

Արհեստագիտութեան մէջ մեր ունեցած բոլոր ինքնագովութեամբ հանդերձ, մենք չունինք GPS-ը վերահսկող «սայպըր բանակ»: Մինչ թշնամին ունի: Փաստն ալ այն է, որ GPS-ով «տէմարքածուող» մեր սահմանները Ազրպէյճանի հետ նմուշի համար մէկ մեթր մըն ալ որպէս Հայաստանի տարածք ցոյց չտուաւ Ազերպէյճանի սահմանէն ներս…:


Մենք լրջօրէն մտահոգ պէտք է ըլլանք, որ այս պայմաններով եւ այսօր գործող իշխանութեան անկար (չըսելու համար ուրիշ բան) կազմակերպութեամբ ու տնօրինմամբ ու անփոյթ հասարակութեամբ մը ապաշրջափակումը կործանարար պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի համար, ալ ո՜ւր մնաց, որ Աստուած չընէ, այսպէս կոչուած «պատմական միջանցքի վերականգնում» իրականանայ:

Այս կործանարար գործարքը, պէտք է իր սաղմին մէջ խեղդուի եւ այս բանը պէտք է ըլլայ ամէն գնով եթէ կ՛ուզենք, որ մենք շարունակենք ունենալ Հայրենիք (կամ ինչ որ մնացած է անկէ) եւ գոյատեւենք, որպէս ազգ:

Պահը աւելի քան լուրջ է: Մեզմէ լուռ մնացողը լոկ անփոյթ մը չէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին