Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի Սկաուտական Նոր Եղանակի Հանդիսաւոր Բացում

Շաբաթ,  30  Հոկտեմբեր 2021-ի յետմիջօրէին,  ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիաս   մասնաճիւղը,  վերանորոգ  եռանդով  եւ  ծրագիրներով,  հանդիսաւորապէս կատարեց  սկաուտական  նոր  տարեշրջանին  բացումը: 

Հոծ բազմութիւն մը  գրաւած էր  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի  բացօթեայ  մարզադաշտին  թրիւպիւնը, որոնց  մէջ՝   արժանապատիւ  տէր  Ղեւոնդ  քահանայ  Լոշխաճեան,  ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական  Վարչութեան  ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ,  Էքլերէոզ  տիւ Լիպանի   քոմիսէր  Փերուզ Թիւթիւնճեան, Սքութ Տիւ  Լիպանի ներկայացուցիչներ,ՀԵԸ  Անդրանիկ  Անթիլիասի  Գործադիր Մարմինի անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր  Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան  Մարկոսեան  եւ անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  ծնողաց  եւ մայրերու  վարչութեանց անդամուհիներ, ՀԵԸ-ի զանազան  վարչութիւններու անդամանդամուհիներ, միութենականներ եւ ծնողներ: Այս տարուան բացման  հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի «սաշեմ-ի  ընտանիքէն անդամ-անդամուհիներ:

Ներկաները   հիացմունքով  կը դիտէին  եղանակի  բացման արարողութեան առիթով  սկաուտական կազմերուն հաւաքական աշխատանքով  պատրաստուած կայմը:

Նախքան բացման արարողութիւնը,  սկաուտական  բոլոր կազմերը, խումբ առ խումբ  յիշատակի նկարները վերցուցին կայմին առջեւ, ապա՝ խմբանակար մը:

Յաջորդաբար տեղի ունեցան խմբակային փոխանցումները.   թիթեռներէն՝ արծուիկներու եւ  գայլիկներու կարգը:  Արծուիկներէն՝ արենուշներուն, գայլիկներէն՝  սկաուտական: Սկաուտներէն՝ երէցները, արենուշներէն՝ քառավելները:

Փոխանցման եւ խմբանկարի արարողակարգէն ետք,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումը, ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբի  գլխաւորութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Կարմիրեան  վարժարանէն, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի դրօշներով, տողանցելով  մուտք գործեց  ՀԲԸՄ-ի  Տեմիրճեան կեդրոնի  շրջափակը:  Սկաուտական  իւրաքանչիւր խմբակ գրաւեց  իր  դիրքը:

Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  քայլերգներու յոտնկայս  ունկնդրութենէն ետք,  յանուն  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Պեթինա Անտոնեան  բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն:

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ Վիգէն Չերչեան փոխանցեց   Միութեան խօսքը: Ան յաջորդաբար թուեց  անցնող ամսիներուն  ֆութպոլի, պասքեթպոլի,  փինկ փոնկի եւ այլ մարզերու  մէջ վերջին  շրջանի ՀԵԸ-ի արձանագրած  նուաճումները  եւ  նորանոր  յաջողութիւններ մաղթեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասին, սկաուտական  նոր տարեշրջանին առիթով:

 AEL-ի քոմիսէր Փերուզ Թիւթիւնճեան փոխանցեց  eclaireuses  du Liban-ին խօսքը:

Ապա խօսք առաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուատական  շարժումի ընդհանուր խմբապետ  Եղիկ Աւետիքեանը:

Արաբերէնով բացման խօսքը կատարեց Սեւակ Հաճեքեանը: 

Հասած  էր խմբապետական փոխանցումներուն պահը: Թիթեռական խումբի խմբապետուհի նշանակուեցաւ՝ Նարինէ Էլմայեանը: Երէցական խումբի խմբապետ՝ եղբայր Սեւակ Հաճեքեանը: Եղբայր Մարք Ճամուրեան՝ «լոճիսթիք» հարցերու պատասխանատու: Եղբայր Յովիկ Հաճեան՝ ընկերային համացանցի  պատասխանատու: 

Անոր յաջորդեցին փոխխմբապետական  փոխանցումները. Քոյր Տեսիլ Մըսըրլեան՝ գայլիկական խումբի,  եղբայր  Քարլ  Պօյաճեան՝  սկաուտական, եղբայրներ Ալեքս Մանուկեան եւ Աւօ Տաքեսեան՝ երէցական,  քոյր  Մարինա  Մելքոնեան՝   քառավելներու:

  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  յուշանուէրով  մը պատուեց   սկաուտական շարժումի փոխխմբապետ Սերժ  Գոճաւաքեանը, աշխատանքի  բերումով միութենական  պարտականութիւններէն ակամայ հեռանալու առիթով:   Գնահատանքով յիշատակուեցան նոյն նպատակով   սկաուտական կեանքէն ակամայ   հեռացած   Կարպիս Չերչէեանի,  Մինաս Մազլումեանի եւ Արաքս  Չերչեանի անունները:

  Բացման արարողութիւնը աւարտեցաւ արժանապատիւ  տէր Ղեւոնդ  Լոշխաճեանի պահպանիչով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին