Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պատուիրակութիւնը Շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Կաթողիկոս ֊ Պատրիարքը

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, երէկ, 8 նոյեմբեր 2021֊ի երեկոյեան այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ շնորհաւորեց նորընտիր կաթողիկոս֊պատրիարք  Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ Մինասեանը։

Հաճելի զուգադիպութեամբ մը, ՀԲԸՄ֊ի պատուիրակութեան միացաւ, օրերս Լիբանան գտնուող ՀԲԸՄ֊ի նախագահ` Մեթր Պերճ Սեդրակեանը։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներ,  ՀԵԸ֊ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ Միութեանս ենթակառոյցներու ատենապետներ  եւ վարչականներ։ 

Այս ուրախ առիթով,

Հոգեւոր Տիրոջ ուղղուած եւ ընթերցուած

շնորհաւորագիրը հանդիսաւորապէս Հոգեւոր Հօր յանձնեց

ՀԲԸՄ֊ի Շրջ. Յանձնաժողովի ատենապետ Պարոն Ժէրար Թիւֆէնքճեան, որմէ ետք Գերերջանիկ պատրիարք հայրը յայտնեց իր  շնորհակալութիւնն ու ուրախութիւնը` տրուած այցելութեան համար եւ դրուատեց ՀԲԸՄ֊ի կատարած ազգօգուտ դերը ամէնուրեք։

Հոգեւոր Տիրոջ խօսքի աւարտին Միութեանս նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեան եւ հոգեւոր Տէրը անդրադարձան ազգային֊եկեղեցական հրատապ հարցերուն, փափաքելով խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն աշխարհին, Լիբանանին եւ Հայաստանին։

Այցելութեան աւարտին առնուեցաւ յիշատակի նկար։

ՀԲԸՄ ԽՕՍՆԱԿ ԼՐԱՏՈՒ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին