Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Արաքսը Իր Վրայ Կամուրջներ Չի Հանդուրժեր

Տեսակէտ

Դոկտ․ ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ․ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարութեան հետ բանակցութիւն­նե­րու աւարտին, Իս­րայէլ կրցաւ իր երկրին մէջ ապրող Ողջակիզման (Հոլոքոսթ) արհա­ւիրքէն վերապրող­ներուն համար տարեկան 20 միլիոն շեքելի յաւելեալ վճարում ապա­հովել։ Իսրայէլի կառավարու­թիւնը իսկոյն վաւերացուցած է այս համաձայնագիրը։ Ողջակիզումէն վե­րապրած շուրջ 3700 հոգի, որոնք ներկայիս Իսրայէլի մէջ կ’ապրին եւ թո­շակ կը ստանան Գերմանիոյ կառավարու­թենէն, իրաւասու են գանձելու վերոնշեալ յա­ւելեալ վճարումէն իրենց հասնող բա­ժինը։ Սոյնը կը նշանակէ, որ Իսրայէլի մէջ Գեր­մա­նիայէն թոշակ ստա­ցող բոլոր անձինք այսուհետեւ իրաւասու պիտի ըլլան ընդունելու լրացուցիչ 100 եւրօ ամսական մը, այ­սինքն իրենց ցարդ ստացած թոշակին վրայ տա­րեկան 4500 շեքել հաշուող գումար մը եւս։ Ասկէ բացի, տարեկան 500.000 եւրոյի չափ յաւելեալ գումար մը պիտի տրամադրուի Ողջակիզումէն վերապրող այն անձերուն, որոնք տա­րատեսակ հիւան­դութիւններու՝ տկարա­մտութեան, մոռացկոտութեան, այլասեր­ման կամ գիտակ­ցական կորուստի ախտերէ կը տառապին։ Գերմանիոյ նիւթական օ­ժան­դակութիւններն, այս­պէս, կ’աւելնան 300 մի­լիոն շեքելի հասնող պետական այն պիւտճէին վրայ, որ Իս­րայէլի կառավարութիւնը ներկայիս ապահոված է Ողջակիզումէն վերապրածներու բա­րեկեցու­թեան համար։ Ասոր զուգահեռ, պետութիւնը 1,5 միլիառ շե­քելի գումար մըն ալ նա­խատեսած է տարեկան միջին եկամուտէ ցած հասոյթ ունե­ցող Իսրայէլի մէջ բնակող Ողջակիզումէն վերապրողնե­րուն համար։ Իսրայէլի ընկերային հաւասարութեան եւ թո­շակառուներու նախարար Մեյրաւ Քոհէն յայտարարած է՝ ըսե­լով. «Պիտի աշխատինք օր ու գիշեր, որ Իսրա­յէլի մէջ տարեցները ընդհանրապէս, իսկ Ողջակիզումէն վերապ­րածները մասնաւորապէս ապրին այն արժանապատիւ կեանքը, ո­րուն իրենք, ար­դարեւ, արժանի են»։

Թէպէտ անկարելի չէ հետազօտել, բայց այս յօդուածի ծիրին մէջ նախատեսուած չէ հաս­­տատել, թէ 1949-էն ի վեր Գերմանիա փոխհատուցման աստղաբաշխական ինչ­պի­սի՞ հսկայական գումարներ վճարած է Իսրայէլի պետութեան՝ Ողջակիզումէն վերապ­րող­նե­րուն եւ հրէական զանազան կազմակերպութիւններու օժանդակելու համար։ Նիւթա­կան այս եւ նման փոխհատուցումներ, ինչպէս վերը նշեցինք, ոչ-նուազ թափով տա­կա­ւին կը շարունակուին մինչեւ այսօր՝ Երկրորդ Աշխարհամարտի եւ Ողջակիզումի աւար­տէն աւելի քան 70 տարի ետք։ Անշուշտ նիւթական փոխհատուցումը, անկախ գումարի մե­ծու­թենէն, զոհերուն կորուստն ու վերապրողներուն ցաւը չի մեղմացներ, բայց ան կ’օգնէ շարունակելու կեանքը, վերահաստատելու պատմական արդարութիւնը, ստեղ­ծե­լու նորը, իսկ Ողջակիզումէն վերապրածներուն ժառանգորդները առաւել եւս կը հաս­տա­տէ իրենց ազգային, կրօնական եւ մշակութային ինքնութեան մէջ։

Եղո՜ւկ, այդպէս չեղաւ հայերուս պարագային։ Թուրքիոյ 1923-ին ստեղծուած Հան­րա­պե­տութիւնը, որ իրաւայաջորդն է Օսմանեան Կայսրութեան, ցայօր ոչ միայն կը ժխտէ արեւ­մտահայութեան դէմ իր իրագործած Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, այլեւ պե­տական իր բոլոր միջոցներն ու լծակները բանեցնելով՝ ռազմավարական եւ տնտեսա­կան իր հզօր ազդեցութիւնը կը խաղարկէ՝ խեղաթիւրելով պատմական իրո­ղութիւնները, չա­րափոխելով պատմութիւնը՝ զոհը վերածելով յանցագործի, իսկ յանցա­գործը՝ միջազ­գային քարոզարշաւներու ենթարկուած զոհի մը։ Դեբորա Լիփշտաթ, զոր վերջերս Ամե­րիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն արտաքին գոր­ծոց նախարա­րութեան մէջ հակասեմականութեան դէմ պայքարի յանձնակատար նշա­նակած է, ըսած է. «Ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին փուլն է, քանի որ ան հնա­րա­ւո­րութիւն կու տայ պատմութիւնը այնպէս վերաշարադրելու, ուր զոհերը կը հրէշա­ցուին, իսկ յանցագործ­ները կ’արդարացուին»։

Ամենեւին ճիշդ պիտի չըլլար թերագնահատել անցնող աւելի քան հարիւր տարիներուն ընթացքին հայութեան ձեռքբերումները՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի եւ պահան­ջատիրութեան մարտավարութիւնը մեկնարկելու իմաստով։ Հայ ժողովուր­դին միասնա­կան ջանքերով, առաւել եւս Հայ Դատի զանազան յանձնախումբերու անձն­դիր աշխա­տանքով, 1965-էն ի վեր աւելի քան բազմաթիւ երկիրներ, պետական խորհրդա­րաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւն­ներ պաշտօնապէս ճանչցան 1915 թուա­կանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սակայն ասկէ առաջ ալ՝ 24 Մայիս 1915 թուա­կա­նին, ֆրանս-բրի­տանա-ռուսական համատեղ Հռչակագիր մը ճանչցած էր արեւմտա­հայու­թեան դէմ իրագործուող ցեղասպանութիւնը՝ համապատասխան սպառնալիք յղե­լով Երիտթուրք պետութեան պարագլուխներուն, մարդկութեան դէմ կատարուած ոճ­րա­­գործութեան մեղադրանքով միջազգային ատեանի մը առջեւ անձամբ պատասխա­նատւութեան ենթարկելու զանոնք։ Սակայն այս բոլորը մնացին միայն դիւանագի­տա­կան, իրա­ւական, բարոյական եւ, ի վերջոյ, բարիդրացիական ոլորտներու մէջ՝ ունե­նա­լով ոչ մէկ գործնական ազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը իրականացնող երկրին յան­ցա­գործ պետութեան վրայ։ Բարակ սպեղանի մը մեր կոտտացող վէրքերո՞ւն, ա՞յս էր բոլորը։ Այս ամէնուն վրայ տակաւին արցախեան պատերազմին վերջին արհաւիրքը, մեր հազա­րաւոր նոր զոհերն ու հայրենի նոր հողատարածքներուն կորուստը՝ նոյն ցե­ղասպանին երկարացուած ձեռքերով։ Չէ՞ որ Ալիեւ եւ Էրտողան յաւակնեցան ելոյթներ ունենալու՝ թուրքն ու ազերին երկու պետութիւն, բայց մէ՛կ ժողո­վուրդ կարգախօսով։

1915 թուականի Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօրուան կրկնուղ ցեղասպանու­թիւն­նե­րը, ո՞վ արդեօք նշանախեցի մը չափ փոխհատուցում ստացաւ։ Ո՞վ բուժեց հայուն բիւ­րաւոր վէրքերը, ո՞վ մեղմեց անոր կոտտացող ցաւերը։ Մանկութեանս օրերու յիշո­ղու­թեան մտապատկերին մէջ տակաւին կը տողանցեն Հայոց սահմռկեցուցիչ Ցեղասպա­նութենէն վերապրած, Տէր Զօրի մահու անապատէն ճողոպրած ծերունազարդ այն բազ­մաթիւ խլեակները, որոնց ոչ միայն բազմանդամ ընտանիքը, ունեցուածքը, այլեւ մարդ­կային արժանավայել ապագայ մը ունենալու իրաւունքը կողոպտած էր ոճրա­գոր­ծին արիւ­նաթաթախ ձեռքը։ Պէյրութի հայկական մեր թաղերը անոնցմէ շատեր կ’ապ­րէին թիթե­ղաշէն, մէկ սենեակնոց անհիւրընկալ եւ կիսամութ բնակարաններու մէջ, նուա­զագոյն նպաստ մը ստանալով հայկական բարեսիրական կազմակերպու­թիւննե­րէն կամ հացի կտոր մը, այլապէս պնակ մը ճաշ՝ նոյնպէս նուազ բերեկեցիկ դրա­ցի­նե­րէն։ Ահաւա­սիկ տարբերութիւնը ակներեւ է Ողջակիզում տեսած հրեային եւ Ցեղասպա­նութեան են­թարկուած հայուն միջեւ։ Մին կրցաւ ըլլալ հզօր պետութիւն մը՝ ստուգա­պէս պարտա­դրելով իր կամքը աշխարհին, միւսը, Ֆրիտիոֆ Նանսենի խօսքերով, մնաց խաբուած եւ իրաւազրկուած ժողովուրդ մը։ Բայց մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր։ Արցախ­եան 44-օրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ հայուն համար Ցեղասպա­նութիւնը պատ­մական անցեալ մը չէ, այլ ան տակաւին սահմռկեցուցիչ ներկայ մըն է եւ կրնայ միշտ կրկնուիլ նաեւ ապագային։ Յոյս դնել աշխարհի արդարադատութեան, օտար ուժերու եւ այսպէս կոչուած «դաշնակից-բարեկամներու» պաշտպանութեան վրայ՝ հայոց պատ­մութեան մէջ կրկնուող ամենաերկար սո՛ւտն է։ Բաւ է ինքնախաբէութեամբ զբաղինք եւ ծոյլ զիջումներով փորձենք ծածկել մեր հաւաքական անկարողութիւնը։ Արդարեւ, Ցե­ղասպանու­թեան զոհ դարձած մեր նահատակ բանաստեղծներէն Սիա­մանթօն է, որ այնքան դիպուկ եւ իրաւացիօրէն ըսած է. «Ո՛վ մարդկային արդա­րու­թիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ»։

Մեր մեծագոյն թերութիւններէն մին եղած է թերագնահատել ուրիշին ունեցածը եւ գե­րա­գնահատել մեր չունեցածը։ Հայ ժողովուրդին ուժը իր հաւաքակա­նութեան մէջ է։ Ա՛յս եղած է պատգամը մեր մեծերուն՝ ոսկեղնիկ Եղիշէներուն եւ նա­յիրեան Չա­րենց­նե­րուն։ Անմիաբանութիւնը չարութեան ստինքէն սնանող դաւաճանու­թիւնն է ազգին ինք­նութեան, անոր մշակոյթին եւ գոյութեան դէմ։ Այսօրուան մեր ներ­քաղաքական դաշ­տին պառակտուածութիւնը՝ զի­րար հիւծող եւ թշնամի գորշ գայլերուն անյագ ու վտանգաւոր ախորժակը մեր դէմ գրգռող գործու­նէու­թեան մը տխրահռչակ ապացոյց­ներն են։ Մինչդեռ մեզի պարտադրուած այս պարտութենէն ետք, հակառակ բոլոր ան­կում­ներուն եւ մեր կրած անլուր ցաւին ու տա­ռապանքին, պէտք էր աշխարհին ներկա­յանայինք հայօրէն, միաբան ու անտրոհելի կամ­քով բռունցքուած հպարտ ժողո­վուրդի մը օրինա­կելի կեցուածքով։ Մուրացածոյ եւ կո­րաքամակ գոյատեւելու համար ողոր­մու­թիւն ակնկալել գերհզօր պետութիւններու քաղա­քական հաշիւներէն՝ վայել չէ հայու խրոխտ նկարագրին։ Պէտք չէ մոռնալ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ուժի, ազա­տաբաղձու­թեան եւ ըմբոստութեան մեծագոյն խորհրդա­նիշերէն՝ Մայր Արաքսի հասցէին ուղղուած հռոմէացի նշանաւոր բանաս­տեղծ Վիրգիլիոսի (Ք.ա. 74–19) խօսքե­րը՝ «Et pontem indignatus Araxes» – «Եւ գետն Երասխ՝ կամուրջներ չհան­դուրժող»։ Այո՛, դա­րե­րու հոլո­վոյթին մէջ հայը միշտ եղած է ազատաբաղձ՝ իր հայկազուն ցեղին հիմ­նադիր Հայկ նա­հապետին կենդանի օրի­նակով։ Մինչեւ ե՞րբ կարելի է ծնկաչոք ու հան­դուր­ժուած ըլլալու կարգավիճակով մը գոյատեւել ռուսական «մուրճ»-ին եւ թրքական «սա­լ»-ին միջեւ։ Այսօր աւելի քան երբեք զգալի դար­ձած է համազգային քա­ղաքական լուրջ ծրա­գիր մը ունենալու պակասը։ Իրատեսութեան վրայ հիմնուած եւ ապագային միտ­ուած քաղա­քական գործուն ծրագիր մը, որ պիտի կանխարգիլէ նոր ցեղասպաննու­թիւններու հնա­րաւորութիւնը, պիտի ապահովէ հայ­րենիքի սահմաններուն պաշտպա­նութիւնը եւ նպաստէ համազգային միասնութեան ամրապնդման ու հայ ժողովուրդի խաղաղ կեան­քի բարգաւաճումին՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ Ընդհանրապէս ազգին, բայց ի մաս­նաւորի հայրենիքն ու անոր պետակա­նու­թիւնը պաշտպանելու գիտակ­ցութեամբ ոգե­զինուած փորձագէտ արդի սերունդին սեպուհ պարտականութիւն­ներէն մին ըլլալու է լրացնել այս բացը, ստեղծել մի­ջոցները՝ առաւելագոյն փոյ­թով մշա­կելու համար գոյութե­նական այս առա­ջադրանքը։ Հաւատալ ու վստահիլ է պէտք մեր ցեղային առաքինու­թիւններուն, առաւել եւս մեր ինքնանախաձեռնութեան, ինքնակազմակերպ­ուելու կարո­ղութեան, նաեւ ինքնօգնութեան դիմելու հնարքներուն։ Պէտք է ամ­րագրել, թէ ի՞նչ կ’ու­զենք, եւ այն, թէ ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ համազգային մեր նպատակ­ներուն։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին