Ուրբաթ, 24. 03. 2023

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ընդունեց Տէր եւ Տիկին Յակոբ Գասարճեանները

Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2021ին, առաւօտուն ժամը 10:30ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ, Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Անի Գասարճեանները:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ընդունելութեան համար, որ առիթ էր նախ ստանալու Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը եւ ապա խօսակցելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ մանաւանդ լիբանանահայութեան այժմու վիճակին հետ առնչութիւն ունեցող հարցերու շուրջ:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան Վեհափառ Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեց գաղութիս դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական դժուարին կացութիւններուն մասին, ստանալով Վեհափառ Հայրապետին քաջարերական եւ զօրակցական խօսքերը, որով Ան Աստծոյ պահպանութիւնը հայցեց լիբանանահայութեան խաղաղ եւ բարօր կեանքին համար: Տեսակցութիւնը առիթ էր նաեւ անդրադառնալու ազգային-եկեղեցական զանազան հարցերու:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին