Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Հայկական Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Հեքիաթն ու Իրական Պատմութիւնը․․․

Նախքան որ իմ նիւթիս անցնիմ, կ՛ուզեմ օրինակներ բերել հեքիաթէն եւ իրական պատմութենէն, որպէսզի տեսնենք թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը։ Հեքիաթը իրական չէ, այլ հիւսուած երեւակայութեան վրայ, որպէսզի ընթերցողը զուարճանայ եւ հաճելի ժամանակ մը անցնէ։

Յովհաննէս Թումանեանի «Կիկոսի Մահը» հեքիաթ մըն է, ուր չափահաս աղջիկ մը կ՛երեւակայէ թէ ամուսնացաւ, զաւակ մը ունեցաւ Կիկոս անունով։ Ան օր մը իր զաւակը անտառ պտոյտի կը տանի, ուր չարաճճի Կիկոս կը մագլցի ծառին վրայ, կ՛իյնայ ու կը մեռնի։ Եւ ահա աղջիկը կը սգայ Կիկոսի մահը։

Ուրիշ օրինակ մը հեքիաթէն՝ Դերենիկ Տէմիրճեանի «Պույ-Պույ Մուկիկը», «Քաջ Նազարը» եւ այլն։ Կայ նաեւ Աթաբէկ Խնկոյեանի (Խնկօ Ախպէր) «Մկների Ժողովը», Գայլն ու Կատուն» եւ այլն։

Իսկ իրական պատմութիւններէն կրնամ տալ երկու օրինակ, Յակոբ Միքայէլեանի «Ճակատագրի Սեւ Կատուն» եւ Զարմինէ Պօղոսեանի «Ազէզէն մինչեւ Ամերիկա», որոնք իրական կեանքէ առնուած կենսագրութիւններ են։

Վերադառնալով իմ նիւթին, նախ պիտի տամ օրինակ մը կատակախօսութենէ, որ յար եւ նման է հէքիաթի։ Մարդ մը կը մեռնի եւ կ՛երթայ երկինք, ուր զինք կը դիմաւորէ Գաբրիէլ հրեշտակը։ Հետեւեալը՝ անոնց զրոյցն է,

          Հրեշտակ – Ո՞ւր կ՛ուզես երթալ, դրախտ թէ դժոխք։

          Մարդ – Կ՛ուզեմ նախ երկուքը տեսնել՝ եւ ապա որոշել։

Հրեշտակը մարդը կը տանի դժոխք, ուր տեղի կ՛ունենայ կեր ու խում եւ պար, խլացնող երաժշտութեան առընթեր։

Հրեշտակը ապա մարդը կը տանի դրախտ, ուր լռութիւնը կը տիրէ։

          Մարդ – Կ՛ուզեմ դժոխք երթալ եւ հոն բնակիլ։

Հրեշտակը մարդը կը տանի դժոխք, ուր մարդիկ կ՛այրին յաւիտենական  կրակի մէջ եւ պուտ մը ջուր կ՛աղերսեն․․․

          Մարդ – Այս մէկը իմ տեսած դժոխքս չէ երբեք, ի՞նչ եղաւ։

          Հրեշտակ – Այն ժամանակ այցելու էիր, իսկ հիմա՝ մշտական։

Գալով իրական կեանքէ առնուած պատմութեան, երեւոյթը նոյնն է Միացեալ Նահանգներ այցելողներուն, որոնք իրենց հարազատներուն քով կը մնան։

Այդ առաջին անգամ ըլլալով այցելուները կը պատուուին, կը մեծարուին, կը հիւրասիրուին եւ կը պտըտցուին բազմաթիւ տեսարժան վայրերը։ Ուր որ երթան մեր այցելուները, իրենց հարց կը տրուի թէ՝ «Է՜հ, ի՞նչպէս տեսաք մեր Ամերիկան»։

Բայց յաջորդ տարի անոնց երկրորդ այցելութիւնը կ՛ստանայ տարբեր կերպարանք։ Կարծես իրենցմով զբաղող չկայ այլեւս եւ անոնք կ՛զգան որբացած եւ մէկդի նետուած։

Իսկ երբ ժամանակի այցելուները՝ որոնք փառաբանուեցան եւ փայփայուեցան, հիմնական կերպով հաստատուին Միացեալ Նահանգներ, ափսո՜ս կը զգան որ իրենք առանձինն պէտք է կարգադրեն իրենց պէտք եղածը՝ առանց ուրիշին վրայ հենելու․․․

Այս պարագային, կարծես վերոյիշեալ հեքիաթին դրախտը կը վերածուի դժոխքի եւ մենք՝ զիրենք նախորդողները, կ՛ըսենք «Բարի եկաք մեր Ամերիկան»։

Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել որ Ամերիկա նոր հաստատուողները անգիտակ են տեղական պայմաններուն եւ պէտք ունին հինէն հաստատուած իրենց հարազատներու խրատին, ցուցմունքներուն՝ որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ իրենց տեղափոխութիւնը այս օտար ափերուն վրայ, չէ՞ք խորհիր․․․ Բայց երբեմն հակառակը կը պատահի, ինչպէս հետեւեալ օրինակը ցոյց կու տայ։

Ես կը յիշեմ մեր ազգականներէն մէկուն՝ Քուէյթէն Ամերիկա հաստատուիլը։ Անոնք իրենց հետը բերած կոկիկ գումարով անմիջապէս չորս միաւորով բնակարան մը գնեցին, անշարժ գոյքի գործակալի մը (real State Agent)  միջնորդութեամբ։ Իսկ կանուխէն հաստատուած իր եղբայրը վրան բարկացաւ եւ ըսաւ, «Դուն ո՞վ ես որ տուն կ՛առնես»։ Չմոռնամ ըսելու թէ ինք տակաւին վարձու տան մը մէջ կը բնակէր, հասկցողին՝ շատ բարեւներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին