Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն – Լիբանան

Պատիւս Արժանաւորաց

Շ Ն Ո Ր Հ Ա Ւ Ո Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը, թարգմանը հանդիսանալով իր բոլոր ենթակառոյցներուն ու ենթավարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ  բիւրաւոր անդամութեանց, այսու կու գայ ջերմապէս շնորհաւորել Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեանը, անոր Նոպէլեան Մրցանակի արժանանալուն պատուաբեր լուրի առթիւ:

Կ’ուզենք արդարօրէն յայտարարել, որ ՀԲԸՄ-ի ողջ շրջանակը այսօր մեծապէս ուրախ է եւ հպարտ, որ իր երբեմնի յառաջադէմ ու խոստմնալի դպրոցական սանը՝ Արտեմ Փաթափութեանը, որ աշակերտած է Միութեանս Տէմիրճեան եւ ապա Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին, նաեւ՝ մաս կազմած ՀԵԸ-ի մարզական շարժումներուն, յատկապէս պասքէթպոլին, այսօր իր եզակի գիւտով մեծ ու բացառիկ պատիւ մը կը բերէ ոչ միայն Փաթափութեան ընտանիքին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին՝ բարձրացնելով հայութեան անունը ամբողջ աշխարհով:

Կ’ուզենք աւելցնել, որ Արտեմ Փաթափութեան զաւակն է Լիբանանահայ մտաւորական Սարգիս Վահագնի եւ ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան վարժարանի երբեմնի մանկավարժ-տնօրէնուհի՝ Հայկուհի Աճէմեանի, որոնք Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն փոխադրուեցան Միացեալ Նահանգներ: Հոս կ’ուզենք յիշատակել նաեւ, որ Երիտասարդ գիտնականը իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է նախ՝ հարաւային Քալիֆորնիոյ «ԵՈՒ ՍԻ ԷԼ Է»,  ապա  հանրածանօթ «Քալթէք» համալսարանէն՝ տիրանալով դոկտորական աստիճանի: Ան ներկայիս անդամ է Միացեալ Նահանգներու Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային եւ ամենայն ձեռնհասութեամբ կը ղեկավարէ «Սքրիփս» գիտական Կեդրոնի Փաթափութեան Տարրալուծարանը:

Իր եզակի գիւտով եւ ստացած Նոպելեան Մրցանակով արդէն աշխարհահռչակ դարձած Փաթափութեան գիտնականը, այս կարեւոր գիւտով կը բարձրացնէ նաեւ Մայրիներու երկիր Լիբանանին անունը, ուր ծնած ու մեծցած էր մեր հայազգի գիւտարարը:

Կրկին անգամ  շնորհաւորելով Յարգարժան գիտնական՝ Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեանը, ինչպէս նաեւ իր ընտանեկան պարագաներն ու հարազատները այս ուրախալի մրցանակի կապակցութեամբ, Շրջանակային Յանձնաժողովս մեր հայ հայրենակցին կը մաղթէ նորանոր նուաճումներ՝ գիտական ասպարէզէն ներս, արեւշատ կեանք եւ արդիւնաւէտ յաջողութիւններ:

                                  ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲ. ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին