Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

Եօթանասունամեայ Վահան Թէքէեան Վարժարանի 2021-2022 Կրթական Նոր Տարեշրջանը

Եօթանասունամեայ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի սրբատաշ դարբնոցին մէջ տիրող լռութենէն ետք, վերջապէս` երկու տարուան առկայ դասաւանդման բացակայութենէ ետք, Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր, 2021-ին ան՝ իր լայն թեւերը պարզած գրկաբաց կը դիմաւորէ կրթութեան եւ գիտելիքի ծարաւ իր “զինուորները”, լուսաւորուելու եւ սնունդ ստանալու անոր ընդարձակ բուրաստանէն:

2021-2022 տարեշրջանի վերամուտը պիտի ըլլայ նոր հանգրուան մը վարժարանիս համար: Նայելու դէպի ապագայ եւ ծրագրելու աշխատանքները՝ կրթական ու շինարարական ծիրէն ներս, որպէսզի եօթանասունամեայ պանծալի պատմութիւն ունեցող Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը հաստատուն քայլերով սլանայ դէպի նորանոր ամեակներ՝ պատրաստելով արժանաւոր սաներ փայլուն արդիւնքներով, որոնք ապագային պիտի նպաստեն կրթօճախին գոյատեւման եւ բարգաւաճման:

Հակառակ բազում դժուարութիւններու, Հայ աշակերտին երկրորդ տունը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանը, կը մնայ հայ կրթութեան ու լուսաշող ապագայի մը կերտման դարբնոցը։ Ան՝ աննկուն կամքով կը շարունակէ լայն բանալ իր գիրկը, դիմաւորելով լիբանանահայ համայնքի հպարտ աշակերտները:

Վարժարանիս աւանդութեան համաձայն, 2021-2022 ուսումնական տարուան մեկնարկը տրուեցաւ տօնական խանդավառ մթնոլորտով. բակին մէջ հաւաքուած աշակերտութիւնը եւ ծնողները ուրախ էին ու երջանիկ, յատկապէս այն ծնողները, որոնք իրենց անդրանիկ զաւակներուն մանկափթիթ առաջին քայլերը վստահեցան վարժարանիս ուսումնական կայուն մակարդակին, հայեցի դաստիարակութեան ու հոգատար մթնոլորտին:

Ուսումնական տարին սկսաւ զոյգ հայրենիքներու դրօշակներու բարձրացման արարողութեամբ, անոնց զուգահեռ քայլերգներու երգեցողութեամբ, որմէ ետք բոլոր ներկաները երկիւղածութեամբ յարգեցին հերոսական հայրենի հողին՝ Արցախի վրայ, մէկ տարի առաջ սանձազերծուած քառասունչորսօրեայ պատերազմին ու անոր պաշտպանութեան համար զոհ գացած հազարաւոր հայ մարտիկներուն սրբալոյս եւ խնկելի յիշատակը: Ապա աշակերտութիւնը բարձրացաւ Պարսամեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ անհատական դասարաններու աշակերտական խմբանկարում, որմէ ետք վարժարանիս նորանշանակ տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան վերամուտի առիթով փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը ուղղուած աշակերտութեան: Ան իր խօսքին ընդմէջէն արժեւորեց վարժարանիս դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ զանոնք աստիճանաբար յաղթահարելու աննկուն կամքն ու եռանդը:

Վարժարանիս տնօրէնուհին իր խօսքին ընդմէջէն խրախուսեց աշակերտութիւնը «դիմակներու ետին» պահել շողշողուն աչքերը, զինուիլ արդի գիտելիքներով, կարենալու համար ապագային դիմագրաւել ծառացած բոլոր դժուարութիւնները. կազմաւորուելով դառնալ լաւ մարդ ու լաւ հայ, թրծուիլ հայեցի շունչով, ինչպէս նաեւ հարստանալ մեր հարուստ գանձերով՝ հայ լեզուով, պատմութեամբ ու մշակոյթով: Ապա աշակերտութեան ու իր անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անհատ բարերարներուն, անձնուիրութեամբ գործող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմինին, հոգաբարձութեան, ուսուցչակազմին, ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն եւ Սանուց Միութեան, որոնց նիւթական ու բարոյական ներդրումը վարժարանիս կը նպատակադրէ ապահովել նոր սերունդի հայեցի եւ արժանավայել կրթադաստիարակութիւնը:

Աշակերտական սրտի խօսքը փոխանցեց Միջն. Գ. դասարանի աշակերտուհի Վալէնթինա Սրապիոնեան, ուր ան վկայակոչելով վարժարանիս վերանորոգման աշխատանքները յետ Պէյրութի նաւահանգիստի ահասառսուր պայթումին, ըսելով. «Այո՛, կեանքը կը շարունակուի Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանէն ներս: Վերամուտը արդէն լայն բացած է իր դռները 2021-2022 տարեշրջանին՝ հակառակ այն հարուածներուն, որոնք շանթահարեցին մեր սիրելի վարժարանը, սկսեալ՝ Լիբանանի մէջ ծայր առած տնտեսական ճգնաժամէն, Քորոնա համաճարակի տագնապէն, որու պատճառով դասաւանդումները տեղի ունեցան առցանց, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի ահասառսուր պայթումէն, որմէ ահռելի ձեւով տուժեց մեր սիրելի կրթօճախը, որ ահաւասիկ վերանորոգուած, գրկաբաց եւ լայն ժպիտով կը դիմաւորէ մեզ:» Ապա դրական ներուժ սրսկելով աշակերտներուն հոգիներուն մէջ ըսաւ. «Յաղթելո՛ւ ենք: Եւ պիտի՛ յաղթենք մեր սիրելի Հայրենիքին եւ Արցախին վրայ հասած պատերազմին մէջ, մեր անվերջ գոյութեամբ եւ մեր կրթական յառաջդիմութեամբ: Մեր ճակատներուն վրայ դաջուած թագերը կը վկայեն, մեր անկոտրում կամքով շարունակուող գոյերթը յանուն խաղաղութեան:»

Աշակերտական սրտազեղ խօսքէն ետք, Միջն. Գ. դասարանի աշակերտուհի՝ Ալին Գէորգեան բարձրանալու եւ բարձրացնելու բարձր ոգին փոխանցեց արտասանութեան միջոցով, ուր ան ինքնավստահ առոգանութեամբ մեկնաբանեց Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում» բանաստեղծութիւնը:

Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցած վերամուտի պաշտօնական արարողութենէն ետք, աշակերտները իջան բակ, ուր վերանորոգուած ու գեղանկարուած որմնանկարներուն դիմաց ունեցան խմբանկարներ իրենց դաստիարակներուն հետ, որմէ ետք հայրենասիրական եւ խանդավառ երգերու ներքոյ պարեցին, զուարճացան ու նորանոր դրական լիցքեր ընդունելով վարժարանէն մեկնեցան ուսումնական տարեշրջանը սկսելու առողջ, ապահով ու դաստիարակիչ միջավայրի մէջ եւ երկու տարուան բացակայութենէ ետք վայելելու վերանորոգուած Վահան Թէքէեան վարժարանի դպրոցաշէնքին ընձեռած ջերմ ու կազդուրիչ մթնոլորտը, թրծուած ըլլալով բանաստեղծութեան իշխան՝ Վահան  Թէքէեանի  անբասիր շունչով  ու  ոգիով:

Իսկ Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբեր, 2021-ի առաւօտուն, Վահան Թէքէեան վարժարանը եւս ապրեցաւ մեծ հրճուանք մը. ընդունելով մանկապարտէզի փոքրիկները։ Երկու երկար տարիներու բացակայութենէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով եւ կարօտալի սպասումով հնչեց վերամուտի քաղցր զանգը։

Փոքրիկներու ընդունելութիւնը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 7։00-ին, ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, ուր անոնք պարելով ու երգելով դիմաւորեցին դպրոցական տարեշրջանը։

Ջերմ ընդունելութենէ ետք եկաւ ամենասպասուած պահը, ու հնչեց դպրոցական առաջին զանգը: Մանուկները իրենց տեղերը գրաւելով երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգները։

Վերոնշեալ արարողութենէն ետք, վարժարանիս նորանշանակ ազնուափայլ տնօրէնուհի Տիկին Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան իր սրտի խօսքը փոխանցելով մանուկներուն՝ բարի գալուստ եւ ուրախ ուսումնական տարի մաղթեց անոնց: Ան` ծնողները ողջունելէ ետք, իր խօսքին մէջ շեշտեց մանկապարտէզի հաւատամքի հիմնաքարին «աշակերտակեդրոն» մօտեցման կարեւորութիւնը: «Մենք կը հաւատանք թէ բոլոր աշակերտները արժանի են որակաւոր կրթութեան, որ լաւագոյն ձեւն է իրագործելու իրենց իսկական կարողութիւնները: Մեր նպատակն է աշակերտներուն հայթայթել ոսկեայ առիթը սորվելու եւ զարգանալու, որպէսզի աճին եւ ըլլան ամբողջական մասնիկը իրենց հասարակութեան, որպէս ուրախ, ստեղծարար եւ հնարամիտ արարածներ» ըսաւ տնօրէնուհին, ապա ծնողներուն փոխանցեց վարժարանիս անկեղծ գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը իրենց զաւակները վստահելով վարժարանիս ապահով, կրթադաստիարակչական եւ հայրենասիրութեամբ լեցուն միջավայրին, յոյս յայտնելով որ փոխադարձ համագործակցութիւնը եւ զօրաւոր հաղորդակցութիւնը պիտի դիւրացնեն միասնաբար դիմագրաւելու ծառացող մարտահրաւէրները:

Տնօրէնութեան սրտի խօսքէն ետք, վարժարանիս մանկապարտիզպանուհի Տիկին Վերա Սունկուլեան Հաննա բարի գալուստով ողջունեց ներկաները ու արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ երկու դժուար եւ արտասովոր տարեշրջաններէ ետք, շատ ուրախ եւ երախտապարտ է տեսնելով հին ու նոր դէմքեր մանկապարտէզի բակէն ներս: Ան մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ 2021-2022 տարեշրջանը բացուած յայտարարեց եւ յոյս յայտնեց որ տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ ծնողք ձեռք ձեռքի տալով միասնաբար պիտի առաջնորդեն վարժարանիս հոգեհատորները դէպի փայլուն եւ յաջող ուսումնական տարեշրջանի մը:

Մանկապարտէզի ուսուցչակազմը աշակերտութեան ներկայութիւնը հաստատելէ ետք, ձեռայիններով ու յուշանուէրներով, ինչպէս նաեւ լուսանկարներով ուրախացուց փոքրիկները։

Սպասուած անակնկալը հասաւ ժամը 9։00-ին, ուր ներս մտան բոլորին շատ սիրելի Mickey եւ Minney-ի կերպարները: Անոնք բարձր տրամադրութիւն փոխանցեցին փոքրիկներուն, զանոնք պահելով ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Կազմակերպուեցան խաղեր ըստ տարիքի եւ դասարանի։ Օրինակ` մանկամսուր դասարանին համար պատրաստուած էր գնդակի խաղ, բողբոջ դասարանի՝ Bowling, Կոկոն դասարանին՝ խնձորի քաղում, իսկ ծաղիկ դասարանին համար psychomotor-ի խաղը։

Խաղերու աւարտին, աշակերտները դասարան առ դասարան իրենց անունները զետեղեցին փուչիկներու վրայ, ապա լուսանկարուեցան վարժարանիս բակին մէջ գծագրուած նոր պատկերներուն առջեւ՝ տղաքը մեղուի պատկերին դիմաց, իսկ աղջիկները՝ թիթեռնիկին, որմէ ետք աշակերտները վերադարձան իրենց բնակարանները, իրենց հետ տանելով դրական ներոյժ, որպէսզի առողջ, ապահով եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ շարունակեն իրենց ուսումնակրթական ընթացքը:

Թող իւրաքանչիւր Թէքէեանցի աշակերտ հպարտ զգայ իր պատկանելիութեամբ ու ազգային բարձր ոգիի գիտակցութեամբ:

Բարեյաջող, առողջ, ապահով եւ ուրախ վերամուտ մեր սիրելի Վահան Թէքէեան վարժարանին:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին