Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Գէորգ Աբուլեան

Գէորգ Աբուլեան (1865, Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն – 16 Սեպտեմբեր 1933, Կլամար), մտաւորական եւ դաստիարակ։

Ծնած Թիֆլիս 1865-ին, առեւտրականի զաւակ։ Ծնողքը կ’ուզէ զինքը արհեստի տալ, սակայն եօթը տարեկան Գ. Աբուլեանը կը հակառակի այդ ծրագրին եւ կը պատրաստուի յաճախել Ներսիսեան դպրոցի ընթացքը, որ անոր կեանքը կը լեցնէ յաջողութեամբ եւ պատճառ կը դառնայ ուսուցչութեան։

Մկրտիչ Սանասարեան ծախքով Եւրոպա կ’երթայ եւ կը նուիրուի բարձրագոյն ուսման ու Թուրքիա վերադառնալով իր ընկեր Պ. Սողիկեանի հետ Անատոլուի զանազան քաղաքները կը ճամբորդէ ուսումնասիրելու տեղական պայմանները ու բանալու համար Սանասարեան վարժարանը։ Կարինը կը վիճակուի այդ վարժարանին վայրը, ուր Աբուլեան գործակցութեամբ իր ընկերներուն՝ ձեռնհասօրէն կը վարէ տեսչութեան պաշտօնը։ Խոր եւ բազմակողմանի հմտութիւն ունէր։ Ծանօթ էր գերմաներէնի,  անգլերէնի, ֆրանսերէնի,  ռուսերէնի, վրացերէնի, ինչպէս նաեւ հին լեզուներէն՝ յունարէնի եւ լատիներէնի. ապա սորուեցաւ նաեւ բաւականաչափ թուրքերէն։ Մասնագիտութիւնը աշխարհագրութիւնն էր, ընդհ. ազգաց պատմութիւն, աստղագիտութիւն, բնական եւ ուսողական գիտութիւններ, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, եւ գծագրութիւն։ Որքան լաւ ուսուցիչ այնքան ալ վարպետ մանկավարժ էր եւ հոգեբան։ Բազմաթիւ երկեր ունէր, որոնցմէ եւ ոչ մէկը լոյս տեսաւ իր ժամանակին։

Աբուլեան Ֆրանսա անցաւ համաշխարհային պատերազմէն ետք ու Քլամարի մէջ անցուց իր ծերութեան տարիները ու մահացաւ հոն 1933 16 Սեպտեմբերին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին