Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Պսակաձեւ Ժահրի Համաճարակին Ստեղծած Շփոթը . . .

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»-ի Երէց Աշխատակից

Գրեթէ երկու տարիէ ի վեր Պսակաձեւ Ժահրը՝ իր բազմաթիւ տարբերակներով, Թեմոքլեան սուրի մը նման բազմած է մեր գլխուն վրայ, խանգարելով  մեր առօրեայ կեանքի սովորական ընթացքը։

Վերոյիշեալ Ժահրի հետեւանքով՝ ժամանակ մը մեր եկեղեցիները փակ էին հաւատացեալ ժողովուրդին առջեւ։ Մշակութային թէ ընկերային ձեռնարկները բոլորովին դադրած էին մեզի համար։ Դպրոցներու ուսուցիչները առցանց կը սփռէին իրենց դասաւանդութիւնները, ծնողները մատնելով անել կացութեան։

Նոյնիսկ պետական թէ առեւտրական պաշտօնատուները փակ էին, իսկ անոնց պաշտօնեաները իրենց տուներէն կ՛աշխատէին, որպէսզի ժողովուրդին անհրաժեշտ պէտքերը մասամբ մը հոգացուէին։

Պետութիւնը՝ առաջքը առնելու համար վերոյիշեալ Համաճարակի տարածման, քաջալերեց եւ նիւթապէս օգնեց դեղորայքի ընկերութիւնները՝ որպէսզի անոնք պատուաստ պատրաստեն, սրսկելու համար համայն բնակչութիւնը։

Փառք Աստուծոյ՝ պատուաստը պատրաստուեցաւ, վաւերացուեցաւ առողջապահական պատկան մարմիններուն կողմէ եւ մատչելի դարձաւ ժողովուրդին։ Սակայն եկուր տես որ մարդիկ կան որոնք չեն ուզեր սրսկուիլ, Ինչո՞ւ, չեմ հասկնար . . .

Ոմանք կ՛առարկեն թէ պատուաստին մէջը թոյն կայ։ Ուրիշներ կ՛առարկեն՝ առանց գիտական օրէն փաստելու, թէ պատուաստին մէջ ծղան (chip) մը տեղաւորուած է, որ պետութեան պիտի հայթայթէ քու բոլոր շարժումներդ, մտածումներդ եւ անձնական հաշիւներդ։

Ես այդ տարակուսեալ մարդոց պիտի ներկայացնեմ կարգ մը վիճակագրական տուեալներ, որպէսզի իրենք անդրադառնան թէ յիշեալ երեւոյթը իրական է եւ կը սպառնայ բնաջնջել պատուաստ չառնողները։

  • Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ պսակաձեւ Ժահրէն ցարդ մահացողներուն թիւը անցած է 658 հազարը, իսկ այդ Ժահրէն՝ աշխարհի մահացողներուն թիւը անցած է 4.5 միլիոնը։
  • Այդ Ժահրը Հայաստանի մէջ խլած է 4,968 զոհեր, Լիբանանի մէջ՝ 8,157 զոհեր, իսկ Սուրիոյ մէջ՝ 2,060 զոհեր։
  • Այդ Ժահրը Գանատայի մէջ խլած է աւելի քան 27 հազար զոհեր, իսկ Ֆրանսայի մէջ՝ աւելի քան 11,500 զոհեր։
  • Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ գոնէ մէկ անգամ պատուաստ ստացողներուն թիւը, բնակչութեան 73 տոկոսն է միայն։ Իսկ 19 Հանրապետական Կառավարիչներ դէմ են պատուաստին եւ չեն յանձնարարէր որ իրենց բնակչութիւնը մասնակցի պատուաստի մատակարարման։

Դժբախտաբար մեր գաղութին մէջ ալ կան տարակուսողներ եւ պատուաստ չստանալով՝ մահացողներ։ Անոնցմէ կարելի է յիշել վաթսունամեայ սիրուած քահանայ մը, յիսունամեայ վաստակաշատ ուսուցիչ մը, քառասնամեայ փորձառու արհեստավարժ մը եւ տակաւին շատ, շատ ուրիշներ . . . Սակայն Ինչո՞ւ, չհաւատալով՝ կեանքդ վրայ տաս եւ զաւակներդ որբ ձգես!

Միւս կողմէ՝ արդար ըլլալու համար պէտք է յիշել որ եղած են դէպքեր, ուր պատուաստ ստացողներն ալ վարակուած են այդ Ժահրէն։ Սակայն բարեբախտաբար մահացու չեն եղած այդ դէպքերը եւ մի քանի օր մնալէ ետք հիւանդանոցին մէջ՝ վերադարձած են իրենց տուները, ապաքինման շրջան մը բոլորելու իրենց սիրելիներով շրջապատուած։

Ես համեստաբար պիտի յանձնարարէի որ տակաւին պատուաստ չստացողներ թող չվարանին եւ անմիջապէս փութան հիւանդանոց մը եւ կամ որեւէ դարմանատուն մը ու պատուաստուին, նպաստելով իրենց ընտանիքի եւ միջավայրի առողջապահութեան եւ վերջ։ Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին