«Տուն բաժանեալ յանձն իւր աւերի»
(Մատթ. 12։25)
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Եկեղեցին մեր տունն է։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ամբողջական է, երբ հոգեւոր դասը լիովին կը կատարէ իրեն վստահուած հոգեւոր աւանդը, որը դարերու նուիրականութիւն ունի։ Վերջին աւելի քան վեց տասնամեակներուն մեր տունը երկփեղկուեցաւ, եւ որուն որպէս հետեւանք տկարացաւ Հայց. Եկեղեցին, մանաւանդ անզօր դառնալով դիմակայել միասնակամ ոյժերով մեր հայրենիքի ու ազգին դէմ ծառացած դժուարութիւններն ու փորձութիւնները։
Վերջերս հրապարակուած «Հայ եկեղեցին ու քաղաքականութիւնը» վերնագրուած գիրը ի շարս բազում այլ հարցերու ի մասնաւորի շեշտը կը դնէ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու միջեւ գոյացած բաժանումին, որը կարելի է բնորոշել ու սահմանել 20-րդ դարու երկրորդ կէսին կերպարանաւորուած մեծագոյն աղետը մեր ազգի կեանքին մէջ։ Յօդուածին հեղինակը ճիշդ կը բնորոշէ անոր հետեւանքները, եւ այդ հիման վրայ ալ կ’ուզենք հաստատապէս ամրագրել մեր մտածումը, որ այլեւս արդարացուցիչ ոչ մէկ բացատրութիւն ընդունելի է։ Գէթ մեր հայրենիքի այս ծանրագոյն օրերուն, չըսելու համար օրհասական պահին մոռցուած է ե՛ւ հայրենի պետականութեան գոյութեան հրամայականը, ե՛ւ եկեղեցին արմատապէս իր միութեան մէջ հաստատելու տեսլականը։ Եթէ կան սեւ մութ ուժեր, որոնք կը ջլատեն մեզ, ապա հարկ է արթննալ եւ եկեղեցւոյ ներքին միութիւնն ապահովելով զօրացնել մեր նախնեաց հաւատքով ամրագրուած քրիստոսաւանդ եկեղեցին։ Իսկ եթէ քաջատեղեակ ենք պատմութեան բոլոր ծալքերուն, որոնք արդէն դարձած են ժամանակավրէպ, ապա ինչպէս Քրիստոս խարազանելով Տաճարէն դուրս մղեց լումայափոխները, ապա հաւատքի քաջութեամբ պարտ ենք մեր մէջ կոխկռտել «ես»-ը եւ այնպէս ընել, որ այս աշխարհէն բաժնուինք մեր ժողովուրդի մեծ երազը՝ եկեղեցւոյ միութիւնը իրականացած տեսնելով։
Նորահաս մեր երիտասարդներուն ոչ մէկ տրամաբանական բացատրութիւն չունինք այլեւս։ Չկան խորհրդային տարիներ եւ ժամանակն է, որ նուիրապետական մեր բոլոր աթոռներու միջեւ հաստատուի բաղձալի միութիւն ու երբայրսիրութիւն։ Եւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ժամանակն է, որ վերանան թեմական կառոյցներու բաժանումը, եւ թեմակալի պաշտօնին մէջ կամ թեմէն ներս ծառայութեան կոչուին բոլոր նուիրապետութիւններէն ամենայարմարագոյն թեկնածուները, ապահովելու համար եկեղեցւոյ զօրութիւնը։
Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու միջեւ առկայ բաժանումը որոշապէս կը տկարացնէ բոլորիս մէջ հզօր եկեղեցւոյ տեսիլքը՝ իր առաքելութեամբ արդարացուած։ Բաժանումը միայն արհեստական է եւ անյապաղ պէտք է ձեռնարկուին միջոցները՝ վերադառնալու հին օրերու պատկերին, երբ գահակալներու եղբայրական սիրոյ ոգին կը պարտաւորեցնէր բոլորին մնալու միաբանեալ։
Այսօր, բարեբախտութիւն է, որ մեր ժողովուրդը յանձնառութիւն է վերցուցած ապահովելու ներքին միաբանութիւնը եկեղեցւոյ զաւակաց միջեւ, որը պէտք է բարոյական ճնշում գործէ բոլորիս վրայ՝ արագացնելու դէպի միութիւն տանող գործընթացը։ Հազար անգամ պիտի կրկնենք, որ եկեղեցին պէտք է զերծ մնայ եւ հեռու պահենք քաղաքական ներազդեցութիւնները, որպէսզի արմատապէս բարեկանգենք ու զօրացնենք եկեղեցին։ Այլապէս, երբէք չզարմանանք ականատես դառնալով այն իրավիճակին, որ այսօր ե՛ւ ի Հայաստան ե՛ւ յարտասահման մեր ազգը կը հօշոտուի կրօնական զանազան հոսանքներու կողմէ։
Իրավիճակը սրբագրելու մէկ հիմնական մօտեցում կայ, զոր պէտք է դարձնենք տեսանելի ու շօշափելի, եւ այն ալ քրիստոնէական սիրով խոնարհելու մէկզմիւսին առջեւ եւ միասին վերցնելու մեր ուսերուն հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան տեսիլքն ու խաչը։
Իսկ եթէ թերանանք այս քայլին մէջ, ապա մեր ներքին ամրութիւնը կը փլի ու նոյն եկեղեցւոյ զաւակներ կ’օտարանան իրարմէ։
Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան դաշտը կը սպասէ իր հոգեւոր դասին նորովի եռանդով, հաւատքի արդար զգացողութեամբ։ Գէթ այս մօտեցումով փորձութիւններն ու ժամանակի դժուարութիւնները կը նուազեցնենք՝ դէպի իր հօտը վերադարձնելու համար կորուսեալ մէկ ոչխարը։
Մեր խօսքի աւարտին կ’ուզենք անգամ մը եւս յիշեցուցանել մեր Տիրոջ պատգամը. «Տուն բաժանեալ յանձն իւր աւերի»։ (Մատթ. 12։25)