Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Տօն Վերափոխման Սուրբ Աստուածածնի Եւ Ուխտի Օր Սուրբ Աստուածածին Վանքի

ՇԱԲԱԹ, 14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021

Հոգեկան գոհունակութեամբ այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի օրը պիտի նշուին Շաբաթ, 14 Օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 08:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրէն ներս։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին պիտի նախագահէ

եւ Հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Պիտի պատարագէ՝

ԳԵՐՇ. Տ.  ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Կարեւորութեամբ կ՚ուզենք նշել հետեւեալ կէտերը.-

1) Նկատի առնելով Լիբանանէն ներս ստեղծուած ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմանները, այս տարի մատաղ (հերիսա) պիտի չպատրաստուի, այլ միայն խաղողի օրհնութեան կարգ տեղի պիտի ունենայ։

2) Փոխան մատաղցու ոչխարի, ուխտաւորները իրենց ուխտի ընծաները կրնան կատարել բարեսիրական հաստատութիւններու։

3) Անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները դիմակ գործածեն արարողութիւններուն մասնակցելու ժամանակ։

ԾԱՆՕԹ.- Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 6:30-ին հետեւեալ վայրերէն՝

  • Զալքա (Թիքօ Թիքօ) – Անթիլիասի Մայրավանք
  • Ս. Աստուածածին եկեղեցի
  • Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն (Օլիմբիք) – Ս. Վարդանանց եկեղեցի
  • Ս. Ագնէս վարժարան
  • Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց
  • Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
  • Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)

ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021

Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ՝

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Յաւարտ Ս. Պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն։

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021
(ՄԵՌԵԼՈՑ)

Պիք‎‎‎‎ֆայայի Սուրբ Աստուածածնի մատրան մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որու աւարտին, նախագահութեամբ՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին,

տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ՝ ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ։

Դիւան Կաթողիկոսարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին