Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Վատիկանի Եւ Հայաստանի Դեսպանները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ուրբաթ, 13 Օգոստոս 2021-ին, յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէնը։

Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր։

Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանին հետ Նորին Սրբութեան ունեցած հանդիպման առանցքը վերջերս Վատիկանի մէջ, Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ներկայութեան, տեղի ունեցած Լիբանանի հոգեւոր պետերուն հանդիպումն էր եւ յատկապէս անոր յաջորդած աշխատանքները։ Այս ծիրէն ներս դոկտ. Ալ-Խազէն հանդիպում ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին եւ մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքին հետ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին